Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՀԱԿԱԿՇԻՌ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

November 26, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պետութեան կողմէ Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան ճամբով 120 տարրալուծարաններու նուիրատուութիւնը Լիբանանի պետական վարժարաններուն արժանի է վերլուծումի քանի մը հայեցակէտերով:

Նախ, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան, նման տարողութեամբ նուէր կը կատարէ Լիբանանին: Այստեղ սովոր ենք լսել եւ տեսնել, թէ օտարերկրեայ դեսպանատուներ կամ անոնց ներկայացուցած պետութիւններ տարբեր առիթներու եւ տարբեր ոլորտներու վերաբերեալ ինչպիսի՛ օժանդակութիւններ եւ նուիրատուութիւններ կը կատարեն: Այժմ անոնց շարքին կ՛աւելնայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` նկատի ունենալով նուիրատուութեան ծաւալը:

Երեւոյթը կը խթանէ նաեւ հայ-լիբանանեան միջպետական յարաբերութիւնները: Այս առումով կնքուած են աւելի քան 20 համաձայնագիրներ, որոնց գործնականացման դրսեւորումներու փաստը անհրաժեշտ ակնկալութեամբ չեն արձանագրուած տակաւին: Այս մարզին մէջ անպայմանօրէն յարաբերութիւններու եւ մանաւանդ համագործակցութեան սերտացումը խթանող երեւոյթ կարելի է նկատել արձանագրուածը:

Յետոյ, կրթութիւնը այն մարզն է, որ առաջնային տեղ կը գրաւէ ինչպէս պետական, այնպէս նաեւ հասարակական կեանքին մէջ: Եւ Հայաստանի կառավարութիւնը նման նախաձեռնութեամբ իր առաջին օժանդակութեան լուրջ քայլը այս ուղղութեամբ առնելով փաստը կու տայ այս մարզի կարեւորման:

Կրթութեան ոլորտին առաջնահերթութիւն տալը իր կարգին:  Հայաստանի պետութեան կողմէ առնուած քայլը պէտք է դիտարկել նաեւ քաղաքական տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ: Չմոռնանք, որ Միջին արեւելքի եւ յատկապէս այս երկրին մէջ թրքական գործօնի աշխուժացման առաջին ցուցանիշները կը վերաբերէին կրթութեան մարզին: Անշուշտ բարեսիրականին եւ առողջապահականին առընթեր: Լիբանանեան դպրոցներն էին առաջին թիրախները, որոնք ընտրուած էին Անգարայի կողմէ լիբանանեան հասարակութեան մէջ ենթահող ձեւաւորելու եւ համապատասխան քաղաքական աշխատանք տանելու համար: Լիբանանի տարածքին հիւսիսէն հարաւ լիբանանեան վարժարաններու վերանորոգումներն ու անոնց յատկացուած թրքական օժանդակութիւնները անշուշտ լիբանանեան կրթութեան որակի բարձրացումը չէին հետապնդեր: Լիբանանեան դպրոցներուն վերաբերող ծրագիրներուն իրականացման աշխատանքներուն զուգահեռ կամ անոնցմէ անմիջապէս ետք հիւսիսային Լիբանանի մէջ բացումը կատարուեցաւ թրքական ուսման արեւելումով դպրոցին, որուն բացման արարողութեան անձամբ ներկայ եղաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Անգարայի կողմէ մշակուած ծրագիրները ներառած են նաեւ լիբանանցի աշակերտութեան եւ ուսանողութեան ներկայացուցիչներուն մեկնումը թրքական քաղաքներ` զանազան մասնագիտութիւններու հետեւելու համար: Կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ Անգարայի պատասխանատուները աւելի առաջ շարժած են: Լիբանանեան տարբեր համալսարաններու հետ կը գործեն արդէն պայմանաւորուածութիւններ փոխադարձաբար գիտնականներ փոխանակելու, ուսումնասիրութիւններ կատարելու եւ դասախօսութիւններ ներկայացնելու Անգարայի կամ Պոլսոյ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ:

Ուրեմն, Հայաստանի կատարած առաջին տարողունակ այս քայլը անպայման պէտք է դիտարկել իբրեւ հակակշիռ գործողութիւն մեր հակառակորդի ծաւալած գործունէութեան դիմաց: Ըստ էութեան ճիշդ է ընտրուած ոլորտը բազմակողմանիօրէն: Առնուած լուրջ քայլը, սակայն, հարկ է որ դուրս գայ պարագայականութենէ եւ մաս կազմէ ամբողջ քաղաքականութեան մը: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին եւ շատ չանցած հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնները Երեւան միջպետական յարաբերութիւններու սերտացման, կնքուած համաձայնագիրներու գործնականացման հանգամանալից առիթներու կրնան վերածուիլ, եթէ այս նախաձեռնութեան հետեւին երկարաշունչ եւ հեռանկարային ուշագրաւ քայլեր: Կրթութենէն մշակոյթ, ռազմականէն զբօսաշրջութիւն ու տակաւին գիւղատնտեսութենէն փոխադրամիջոցներ  եւ ապրանքաշրջանառութիւն երկու երկիրները համագործակցելու իրաւական դաշտը պատրաստած են արդէն:

Պիտի թուի, որ Թուրքիոյ նման մեծ պետութեան իրականացուցած քաղաքականութեան դիմաց հայկական կողմին նախաձեռնութիւնները կրնան աննկատ անցնիլ կամ համաչափ չըլլալ առնուազն: Երեւանը բոլոր պատճառները ունի քաղաքական այս մրցապայքարին մէջ աշխուժ նախաձեռնողականութեամբ հանդէս գալու: Քաղաքական այս մրցապայքարին մէջ  հայկական կողմը ունի ուշագրաւ առաւելութիւն մը իր հակառակորդին վրայ: Մարդկային կամուրջ մը` լիբանանահայ համայնքը:

Նախորդը

ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ. ՔԱՂԱՔԱԳԷՏՆ ՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ (ՄԱՀՈՒԱՆ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Յաջորդը

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՀԱԿԱԿՇԻՌ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն.  Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ

November 27, 2026
ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները

November 27, 2026
Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)
Անդրադարձ

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։