Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Արցախի Հարազատ Հողին Վրայ Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին (Ֆորում) Մասնակիցները Իւրայատուկ Օրեր Ապրեցան

July 23, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

8 տարբեր երկիրներէ Հայաստանի մէջ համախմբուած երիտասարդներու մասնակցութեամբ, Համազգայինի ուսանողական հաւաքի 2018-ի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ «Մինոթել պարսամ հիւրանոց»-ին մէջ, 5 յուլիս 2018-ին: Ֆորումի բացման հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` ֆորումի ծրագիրին, նպատակին եւ օրէնքներուն: Ճաշէն ետք խումբը այցելեց Սասունցի Դաւիթ եւ Մայր Հայաստան արձանները:

Օրուան աւարտին ֆորումականները ներկայ եղան «Հայկ եւ Բէլ»-ի պատմութեան ներկայացման: Անոնք համտեսեցին հայկական խորովածն ու լաւաշ հացը, երգեցին, պարեցին եւ ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին:

6 յուլիս 2018-ին հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Սաղմոսավանք, ուր լսեցին հանրածանօթ ճարտարապետ եւ մասնագէտ Աշոտ Գրիգորեանի բացատրութիւնները վանքի պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասին: Սաղմոսավանքէն ետք անոնք ուղղուեցան դէպի Տառերու պուրակ:

Խումբը ճաշեց Արագած լերան լանջին: Ապա մասնակիցները բարձրացան լերան բարձունքներէն մէկը եւ այդտեղ միասնաբար երգեցին հայրենասիրական երգեր: Վերադարձի ճամբուն վրայ խումբը այցելեց Ամբերդ ամրոցը: Ա. Գրիգորեանի նշումները լսելէ ետք մասնակցողները վերադարձան Երեւան:

7 յուլիս 2018-ին ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի պատմութեան թանգարան եւ ներկայ եղան «Առաջին Հանրապետութիւն» ցուցադրութեան: Կէսօրէ ետք անոնք ուղուեցան դէպի Մատենադարան, ուր Մատենադարանի փոխտնօրէն դոկտոր Կարէն Մաթեւոսեանը դասախօսեց հայկական մանրանկարչութեան մասին:

Երեկոյեան ֆորումականները ուղղուեցան Քասքատ, ուր սորվեցան եւ պարեցին ազգագրական պարեր` Գագիկ Գինոսեանի հետ:

Օրը վերջ գտաւ ճոխ ընկերային պահով մը` քաղաքի «rooftop bar»-երէն մէկուն մէջ:

8 յուլիս 2018-ին, ֆորումի 4-րդ օրուան ընթացքին, մասնակիցները այցելեցին Սարդարապատի համալիր եւ թանգարան, ինչպէս նաեւ` Էջմիածինի մայր տաճարը եւ Սուրբ Գայեանէ եկեղեցի: Յետոյ անոնք մեկնեցան դէպի Մաչանենց արուեստի տունը, ուր լաւաշ թխեցին եւ ծանօթացան կաւագործութեան արուեստին: Մասնակիցները ճաշեցին արուեստի տան պարտէզին մէջ եւ երգեցին, պարեցին ու հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին: Երեկոյեան, Երեւան վերադարձէն ետք, ֆորումականները միացան Վարդավառի տօնակատարութեան:

Ֆորումի 5-րդ օրը ֆորումականները այցելեցին Սեւանայ լիճ եւ Սեւանավանք: Նաւով պտոյտէն եւ Սեւանի մէջ լողալէ ետք անոնք ուղղուեցան դէպի Դիլիջան, ուր ճաշեցին եւ ծանօթացան Հաղարծին վանքին: Երեկոյեան անոնք վերադարձան Երեւան:

6-րդ օրուան առաւօտեան մասնակիցները այցելեցին Թումօ կեդրոն, ուր ծանօթացան կազմակերպութեան եւ մասնակցեցան երկու տարբեր գիտաշխանոցներու (3D mapping եւ motion graphics): Յետոյ անոնք մեկնեցան Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, ապա` Երեւանի պետական համալսարան ու ծանօթացան անոնց տարբեր բաժանմունքներուն եւ հոն դասաւանդուող մասնագիտութիւններուն:

Երեկոյեան ֆորումականները մասնակցեցան զրոյցի մը, որուն վերնագիրն էր` «Ո՞վ է հայը», իսկ զրուցավարը` Վարագ Գեթսեմանեան:

11 յուլիսին ուսանողական հաւաքի մասնակիցները իրենց օրը անցուցին Ծաղկաձորի մէջ: Անոնք ճոպանուղիով բարձրացան լերան գագաթը, ապա այցելեցին Տիրամայր Հայաստանի ճամբարը, ուր մանուկները զիրենք դիմաւորեցին աղով ու հացով: Միասնաբար ճաշելէ ետք սկսան զանազան խաղերու եւ ուրախ ժամանցի:

Երեկոյեան անոնք վերադարձան Երեւան եւ ներկայ գտնուեցան Հայաստանի պարի պետական համոյթի ելոյթին, օփերայի մէջ:

12 յուլիս 2018-ին ֆորումի մասնակիցները մեկնեցան Օշական, ուր այցելեցին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին: Եկեղեցիի քահանան դասախօսեց հայերէն տառերու եւ այբուբենի մասին: Օշականէն ետք ֆորումականները ճամբայ ելան դէպի Գիւմրի: Հոն անոնք շրջեցան քաղաքին մէջ, ապա այցելեցին Յովհաննէս Շիրազի տուն- թանգարան: Անոնք ներկայ գտնուեցան նաեւ Գոհար համոյթի փորձին: Գիւմրիի մէջ օրը անցընելէ ետք, երեկոյեան վերադարձան Երեւան:

13 յուլիսի առաւօտեան ֆորումականները այցելեցին Կոմիտասի տուն-թանգարան եւ Պանթէոն: Ապա անոնք ժամանեցին Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցը, ուր ծանօթացան հայկական ազգային նուագարաններուն եւ աշուղական երգերուն: Անոնք նաեւ ունկնդրեցին «Սայաթ Նովա» աշուղական խումբին երգերը: Յետոյ անոնք մեկնեցան դէպի Չարենցի կամար:

Կէսօրին ուսանողները հասան Գառնի գիւղը, ուր նախ այցելեցին Քարերու սիմֆոնիան, ապա` Գառնիի տաճարը: Վերադարձի ճամբուն վրայ անոնք այցելեցին Գեղարդի Վանք, ապա վերադարձան Երեւան:

Երեւանի մէջ իրենց վերջին օրուան ընթացքին Համազգային ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին: Անոնք նաեւ այցելեցին Ցեղասպանութեան թանգարան: Յետոյ անոնք անցան Եռաբլուրէն, որպէսզի յարգեն արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը:

15 յուլիսին Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները ճամբայ ելան դէպի Արցախ: Ճամբուն վրայ անոնք այցելեցին Խոր Վիրապ եւ այցելեցին Պարոյր Սեւակի տուն- թանգարանը: Երեկոյեան ժամանեցին Ստեփանակերտ, ուր կարդացին եւ դիտեցին Մոնտիալի ախոյեանութեան աւարտական խաղը: Քնանալէ առաջ անոնք պտտեցան Ստեփանակերտի մէջ:

16 յուլիսի առաւօտեան ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Արցախի Ազգային ժողով, ուր տեսակցութիւն մը ունեցան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանի հետ: Ապա անոնք մեկնեցան դէպի Շուշի, ուր նախ «արշաւեցին» դէպի Յունոտի կիրճը, ապա այցելեցին Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցի: Վերադարձի ճամբուն վրայ մասնակիցները այցելեցին Շուշիի բերդը եւ արցախեան ազատագրական պայքարէն մնացած նշանաւոր հրասայլ-յուշակոթող: Երեկոյեան, անոնք մտերմիկ երեկոյ մը անցուցին պանդոկին մէջ:

17 Յուլիսը իւրայատուկ օրերէն էր: Արդարեւ, Ստեփանակերտի զօրամասին մէջ հաւաքի մասնակիցները ծանօթացան կառոյցի տարբեր բաժանմունքներուն: Այցելութեան աւարտին, անոնք զինուորներուն հետ ուրախ պահեր անցուցին եւ ազգագրական երգեր երգեցին: Անկէ ետք անոնք այցելեցին «Զոհուած ազատամարտիկներու» եւ «Անյայտ կորածներու» թանգարանները: Պանդոկին մէջ ճաշելէ ետք, անոնք մեկնեցան Գանձասար, ճամբուն վրայ տեսան «Տատիկն ու պապիկը» եւ Վագրի Լեռը, ապա բարձրացան դէպի վանք:

Երեկոյեան ընթրեցին պանդոկին մէջ` «Մենք ենք մեր սարերը» երաժշտական խումբին ներկայութեամբ եւ կատարեցին ֆորումի պաշտօնական փակումը:

Հաւաքի վերջին օրը մասնակիցները վերադարձան Երեւան` ճամբուն վրայ այցելելէ ետք Տաթեւ եւ ճոպանուղիով վանք ուղղուելէ ետք: Անոնք նաեւ այցելեցին Նորավանք: Երեկոյեան արդէն բաժանման յուզումնալից պահեր ապրեցան անոնք եւ միասնաբար երգեցին` «Դարձեալ զիրար կը հանդիպինք ու կ՛երգենք միաձայն»:

Նախորդը

Տեսակէտ. Ի Զուր Կը Սպասէք

Յաջորդը

Արամ Մանուկեանը Սիմոն Զաւարեանի Մասին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.