ՄՈՒՐԱՏ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Ողջունելի է միտքեր հրահրելու եւ բազմակողմանի քննարկման եւ վերլուծութիւններու միջոցով գաղափարներու բիւրեղացման ճամբայ հարթելու «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան այս նախաձեռնութիւնը: Ընտրուած նիւթը, որ կ՛առնչուի դաշնակցականի հոգեկերտուածքին եւ կը կրէ «Ո՞վ է դաշնակցականը» խորագիրը, այժմէական է եւ անոր հրապարակային արծարծումն ու քննարկումը կրնան օգտակար դառնալ կուսակցական շարքերէն ներս շարք մը հասկացողութիւններու աւելի բիւրեղացման:
«Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը իրաւացիօրէն կը նշէ դաշնակցական կառկառուն դէմքերու հանգամանալից, պարբերական եւ գրաւոր անդրադարձը այս նիւթին` անցնող հարիւր տարուան ընթացքին եւ կ՛առաջարկէ հարստացնել եւ այժմէանականացնել այդ գրադարանը` օգտուելով անցնող երեսուն տարուան ընթացքին հայկական աշխարհէն ներս տեղի ունեցած զարգացումներու փոխներգործութիւններով եւ մշակել Դաշնակցական կերպարի աւելի այժմէական «հասարակ յայտարար» մը:
Խմբագրականի մօտեցմամբ, Դաշնակցութեան սփիւռքեան եւ հայաստանեան կառոյցներու միջեւ դաշնակցականի կերպարի հասարակաց յայտարար մը գտնելու «անհրաժեշտութիւնը շատոնց է, որ կը զգացուի»: Համաձայն ըլլալով հանդերձ այս հաստատումին, կը գտնեմ, որ պէտք է յստակեցնել, թէ դաշնակցականի գաղափարական կերպարի՞ն է յատկապէս ակնարկութիւնը, թէ՞ գաղափարականին միախառնուած է նաեւ աշխատելաոճային կերպարային յայտարարի տարրերու փնտռտուքն ու բիւրեղացումը, մանաւանդ երբ կը կարդանք. «Հայաստանի մէջ, ուր ի տարբերութիւն սփիւռքի, պետականութեան ենթադրած խաղի նոր կանոններ կան` թէ՛ վարչական կառավարման, քաղաքական եւ թէ՛ մանաւանդ պատասխանատուութեան իմաստներով»: Պահ մը մոռնալով անտեսուած այս նրբութիւնը նաեւ խթանելու եւ զարգացնելու համար այժմէական այս նիւթին քննարկումը` կ՛ենթադրեմ, որ հարկ է անդրադառնալ «հասարակաց յայտարար» հասկացողութեան եւ սահմանել զայն այնպէս, որ սփիւռքեան խայտաբղետութիւնն ու աշխատելաոճային տարբերութիւնները ամէնուրեք որոշիչ դերակատարութիւն չունենան կարծիքներու փոխանակման եւ դաշնակցականի կերպարի հասարակ յայտարարի մշակման ընթացքին:
Դաշնակցական կերպարի «հասարակ յայտարար» ըսելով կ՛ենթադրեմ` պէտք է հասկնալ գաղափարական առանցքային այն տարրերը, որոնք ամրագրուած են Դաշնակցութեան ծրագիրն մէջ, ինչպէս, օրինակ, ընկերվարութիւն, ժողովրդավարութիւն, ազատութիւն, անկախութիւն, հաւասարութիւն եւ այլն, որոնց շուրջ կայ ամբողջական համախոհութիւն` անկախ անհատի կեցութեան վայրի աշխարհագրութենէն: Առանցքային այս տարրերուն հետ պէտք է անգիր նաեւ հասկնալ եւ ընդունիլ այնպիսի ինքնըստինքեան հասկացողութիւններ, ինչպիսիք են` հայրենասիրութիւնը, բարոյականութիւնը, պարկեշտութիւնը, ազնուութիւնը, եւ այլն, որոնք կ՛առնչուին դաշնակցական մարդու նկարագրին:
Հասարակ յայտարարի այս սահմանումով տարբերութիւններ չեն կրնար եւ պէտք չէ գոյութիւն ունենան սփիւռքեան եւ հայաստանեան դաշնակցականի հոգեկերտուածքներուն մէջ: Այս կը թելադրէ նաեւ Դաշնակցութեան գաղափարական-գաղափարախօսական կեդրոնացման սկզբունքը: Տարբեր առանձնայատկութիւններով պայմանաւորուած աշխատելաոճի ներգործութիւնն ու ազդեցութիւնը անհատի եւ, այդ առումով, իրարմէ տարբեր հոգեկերտուածքներու զարգացումը նոյնականացնելու եւ հասարակ յայտարարի բերելու ամէն փորձ, ըստ իս, արհեստականօրէն պիտի արգելափակէ եւ կամ, առնուազն, արհեստականօրէն դանդաղեցնէ կուսակցական կառոյցի աշխատանքներու արդիւնաւէտ ընթացքը: Այո՛, Հայաստանի մէջ գործող դաշնակցականը պիտի գործէ անկախացած Հայաստանի ընձեռած «նոր խաղի կանոններով» մինչեւ այն ատեն, որ խաղի այդ նոր կանոնները եւ անոնցմէ թելադրուող աշխատելաոճը չի խախտեր եւ կամ չի հակադրուիր գաղափարական-գաղափարախօսական կեդրոնացման սկզբունքային տարրերուն, այլեւ տրամաբանականօրէն եւ ներդաշնակօրէն կը զուգակցուի անոնց եւ դաշնակցութեան դաւանած նպատակներուն: Սփիւռքի մէջ գործող դաշնակցականն ալ պիտի գիտակցի անկախ երկրի մը մէջ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալող մեր կառոյցին առջեւ ուրուագծուած «խաղի կանոններուն» (որոնք յաճախ կը ներկայանան ուրոյն սահմանագիծերով) եւ ըստ այնմ արժեւորէ այդ գործունէութիւնը իր պարունակին մէջ:
Հասարակ յայտարարի այս սահմանումով ուր յստակօրէն կը տարանջատուին կազմակերպութեան գաղափարական կեդրոնացումը աշխատելաոճի ապա-կեդրոնացումէն, հասարակ յայտարարի բաղկացուցիչ տարրերը կը դառնան աւելի յստակ, իսկ նոր տարրերու ներմուծումը, աւելի գործնական եւ բնական:
Շարունակելով խմբագրականի ընթերցումը` կը ստացուի, որ նախքան փլուզումը` Խորհրդային Միութիւնը իր ձախողած ընկերահամակարգով եւ գաղափարախօսութեամբ, իմա` համայնավարութեամբ, պաշտպան վահանի դեր կը կատարէր եւ կրնար այլընտրանք համարուիլ դրամատիրական աշխարհակարգին-գաղափարախօսութեան: Արդեօք այդպէ՞ս էր: Դժուար պիտի ըլլայ համախորհիլ այս արժեւորման հետ: Աւելի ընդունելի պիտի ըլլար, եթէ յատկապէս եւրոպական երկիրներէ ներս ընկերվարական գաղափարախօսութեան արձանագրած յետընթացի պատճառներուն վերլուծութեան անդրադարձ կամ մէջբերում մը ըլլար եւ կամ ըլլայ` այլոց կողմէ: Իսկ եթէ ակնարկութիւնը կ՛առնչուի Խորհրդային Միութեան լուծն ու պարտադրուած համակարգը թօթափած երկիրներէ ներս վերջին երեսուն տարուան ընթացքին կատարուող արժեհամակարգային գործընթացներուն, այդ բոլորովին տարբեր վերլուծութիւն է, եւ չեմ կարծեր, որ հոս տեղն է անդրադառնալ անոր մեզի համար այս խիստ կարեւոր քննարկումներու սահմանագիծերուն մէջ:
Պարզ ու յստակ է, որ արեւմտեան կողմն աշխարհի (եւ ոչ միայն) եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ, մեծ աշխատանք տարուած է (եւ տակաւին կը տարուի) ընկերվարութիւնը նոյնացնելու համայնավարութեան հետ եւ զայն ընկերութեան ներկայացնելու` որպէս հիւանդութիւն, որով վարակուածին պէտք չէ անգամ մօտենալ: Աւելի՛ն. ամէն գնով եւ ամէն առիթով պէտք է վարկաբեկել ընկերվարութիւնը` որպէս ձախողած գաղափարախօսութիւն, հակադրելով զայն դրամատիրական կարգերու այլանդակ շռայլութիւններուն:
Բնական է, որ քաղաքական եւ ընկերային այս մթնոլորտին մէջ մեծ ջանքի ու ճիգի կը կարօտի ընկերվարական հայացքներով սերունդներ դաստիարակելու աշխատանքը: Այս մարտահրաւէրին յաջող դիմակայումը կ՛ենթադրէ առաջնահերթութիւններու վերադասաւորում: Դաշնակցութեան շարքերէն ներս սերունդներու դաստիարակութեան համար մշակուած ծրագիրներուն մէջ վաղուց արդէն իրենց առաջնահերթութիւնը զիջած են այնպիսի նիւթեր, ինչպիսիք են ընկերվարութիւնը եւ յեղափոխութիւնը (խօսքը մտային յեղափոխութեան մասին է առաւելաբար առանց մտահան ընելու ի պահանջել հարկին նաեւ յեղափոխութեան այլ տարբերակները): Կը մնայ, որ մեր կառոյցներէն ներս առաջնահերթութիւններու վերադասաւորում տեղի ունենայ, եւ նոր սերունդները հաղորդուին նաեւ յեղափոխութեան շունչով եւ տիրապետեն ընկերվարական գաղափարախօսութեան էութեան` հասկնալու եւ ըմբռնելու համար արեւմտեան դրամատիրական գաղափարախօսութեան` ընկերվարութեան դէմ դիմազերծած վարկաբեկման արշաւի սնանկութիւնը: Իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար անընդունելի պէտք է ըլլայ ըսել, որ ինք մաս կը կազմէ ընկերվար-յեղափոխական կուսակցութեան մը շարքերուն` առանց կարենալ բացատրելու, թէ ի՞նչ է այն ընկերվարութիւնը` որ կը դաւանի Դաշնակցութիւնը եւ կամ` ի՞նչ է յեղափոխութիւնը:
Ընկերվարութեան եւ յեղափոխութեան նման` հայրենիք հասկացողութիւնը պէտք է դուրս ժայթքի մեր ծրագրի էջերէն` որպէս դարաւոր երազի իրականութիւն: Հայրենիքը իրականութիւն է այլեւս ու վե՛րջ: Չունինք ուրիշ հայրենիք: Եթէ կորսնցնենք այս մէկը, հաստատ ուրիշը չենք ունենալու: Հետեւաբար իւրաքանչիւր դաշնակցականի տիպարի հասարակ յայտարարին պարտադիր մաս պէտք է կազմէ նաեւ հայրենիքի առօրեայով առնչուելու խնդիրը: Իւրաքանչիւր դաշնակցականի կերպարին պարտադիր մաս պէտք է կազմէ հայրենիքին օգնելու գաղափարը: Իւրաքանչիւր դաշնակցական պէտք է ունենայ հայրենիքի պատկանելիութեան գիտակցումը, որ աւելի վեհ է, աւելի բարձր` իր ապրած երկրին պատկանելիութեան գիտակցումէն:
Այս տեսակի դաստիարակութիւնն է, որ պիտի ստեղծէ ներքին բարենպաստ մթնոլորտ: Հոն է, որ պիտի կերտուի դաշնակցական նոր սերունդի կերպարը: Գիրն ու գրականութիւնը կը մնան մեռեալ տարր կամ, բախտաւոր պարագային անցողիկ յիշատակութիւններու մէջբերման շտեմարան, եթէ կենդանի մթնոլորտով եւ ամէնօրեայ ապրումներով չեն վերահաստատուած:



