Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

July 16, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ յաճախ կը յայտնուին անել կացութիւններ, որոնք կը պահանջեն խիստ յանդուգն կեցուածքներ, որոշումներ ու ակնթարթային դէպք մը: Դէպքերու ընդմէջէն է, որ հերոսներ կը ծնին, ծանրակշիռ պայմաններու ընթացքին ծնունդ կ՛առնեն: Անոնք մերթ ընդ մերթ կը ստանան այդ միջավայրին համակրանքը եւ կ՛անմահանան իրենց գործերուն ընդմէջէն ու ապա կը դառնան իտէալներ: Թէեւ իրենց կեանքի ընթացքին անոնք կ՛ըլլան աչքառու ղեկավարներ, սակայն միայն պատմութեան էջին մասնիկը ըլլալէ ետք կը վերածնին մեր միտքերուն մէջ` որպէս իտէալ հերոսներ:

Այս առումով, յաճախ հետաքրքիր միտքը հարցումներ կը յղանայ եւ կը հարցնէ, թէ արդեօ՞ք «հերոս» կը ծնին, թէ՞ «հերոս» կը դառնան: Ժառանգականութեան արդի՞ւնք է ան, կեանքի իրադրութիւններո՞ւ, դաստիարակութեա՞ն, թէ՞ ինչ: Դժուար է պատասխանել: Բնականաբար յիշուած բոլոր գործօնները ունին իրենց էական եւ նոյնիսկ վճռորոշ դերակատարումը: Հերոսը գերազանցօրէն ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ կրող անձն է` ազգին, հայրենիքին եւ հաւաքականութեան համար, որոնց հաւաքական շահին համար ան պատրաստ կ՛ըլլայ զոհելու ամէն ինչ, նոյնիսկ իր ամէնէն թանկը` սեփական կեանքը, անսակարկ եւ անհաշիւ: Այդ պատճառով ալ ան ծափի, շքանշանի կամ պատուոյ գիրի համար չէ, որ կը ծնի:

Պատերազմներու մէջ ծնող դիւցազուններու, կեանքի վերիվայրումներու մէջ հերոսներու յայտնաբերումով եւ ճակատամարտերու յաղթանակներու ընթացքին ռազմիկներու հերոսացումներուն կողքին, գոյութիւն ունին նաեւ խաղաղ ժամանակներուն մէջ ալ ծնունդ առած անձնուրացներ ու խոնարհ հերոսներ, որոնք ճակատագիրի տնօրինումով մը իրենք զիրենք կը գտնեն խաղաղ պայմաններու մարտին մէջ եւ իբրեւ զինուորագրեալ մարտիկներ` իրենց կեանքը կը նուիրեն ժողովուրդի զոհասեղանին` յանուն ազգային ինքնորոշման եւ ազգային ինքնաճանաչման, այլ խօսքով` յանուն մարդկային արժանապատուութեան պահպանման, միաժամանակ ազնուացնելով եւ բարձր պահելով իրենց անխոնջ աշխատանքը:

Պատմութիւնը վկայած է, որ բոլոր ժամանակներու հերոսներն ալ ընդհանրապէս եղած են նախ եւ առաջ բարոյականի տէր անձեր, սկզբունքի տէր, համադրող ու առաջամղիչ կամք ունեցող, ապա բազմակողմանի, լայնահորիզոն ու ստեղծագործող միտք ունեցողներ, ինչպէս նաեւ տեսանո՛ղ ու ներշնչո՛ղ` իբրեւ իրենց դասակարգի, իրենց ազգի եւ իրենց պետութեան կամքը, նուիրական տենչերը, սրբութիւնները, շահերն ու իտէալները մարմնաւորող, խորհրդանշող, կենսաւորող ուժեր:

Արդարեւ, նկատի առնելով, որ հարազատ հողը սրբութիւն է, հետեւաբար այդ սրբութեան համար կարելի է զոհել կեանքը: Վերոնշեալ լոյսին տակ անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի անկախութեան եւ լինելութեան համար հազարաւոր հայորդիներու կեանքի նուիրաբերումով 28 մայիս 1918 թուականին տեղի ունեցած Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի արիւնահեղ դիւցազնամարտերը, որոնք յանգեցան 28 մայիսի պատմական, անմոռանալի իրադարձութեան:

28 մայիսը մեկնակէտն էր Հայաստանի անկախացումի գործընթացին, հայ ժողովուրդի միացեալ եւ ինքնիշխան ապրելու ձգտումին: Այդ ձգտումը իրագործումի չհասաւ գլխաւորաբար համայնավար Ռուսիոյ անդրկովկասեան քաղաքականութեան եւ Թուրքիոյ հետ քաղաքական համաձայնութեան պատճառով: Սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումն ու գոյատեւումը ձախողութեան մատնեց թուրքերու համաթուրանական մեծ երազը, որ հիմնական նպատակակէտը եղած էր Մեծ եղեռնը կազմակերպողներուն: 28 մայիսի անկախութեան հերոսամարտը վերջակէտ մը դրաւ այն ճամբուն, որ Թուրքիոյ տարիներու երազն էր` Թուրանի ստեղծումը:

Սարդարապատը, Ղարաքիլիսան ու Բաշ Ապարանը եւ անոնցմէ ետք միատարր Հայաստանի մը ստեղծումը, գէթ երկար ժամանակի համար, ամբողջապէս պատուար կանգնեցուցին համաթուրանական յորձանքին դիմաց, որուն առաջին եւ գլխաւոր զոհը հայութիւնը պիտի ըլլար:

Այդ հողը` Հայաստանը հիմա ազատ է, բայց չմոռնանք, որ այդ ազատութիւնը կերտուեցաւ հազարաւոր ազատասէր ոգիի եւ կամքի տէր մարդոց մարտնչումի եւ արեան գնով: Իսկ արիւնը գին չունի: Արիւնը, եթէ սրտէն քամուած եւ ներծծուած է հողին մէջ, ամուր, ամո՜ւր յիշողութիւն ունի:

Այսպէս, 100 տարիներ առաջ ծնած մայիսեան յաղթանակի հերոսներն ու գործիչները կ՛անմահանան մեր պատմութեան մէջ: Այդ զոհաբերողներու կերտած ճամբան անքակտելի է հայոց պատմութենէն, քանի որ անոնց գործունէութիւնը հայ ժողովուրդին համար համազօր է հրաշքի եւ կ՛արտացոլայ արմատաւորման կարեւորագոյն շրջանին մէջ:

Օրհասական պահերուն մէջ ծնած հերոսները անկասկած կ՛ապրին մեր սրտերուն ու յիշողութեան մէջ: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման ճամբուն վրայ հայ ժողովուրդի քաջարի զաւակները բազմաթիւ են, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով այստեղ իգական եւ արական սեռի տարբեր խաւերու պատկանող փաղանգէն մենք կը ներկայացնենք 100 դէմքեր միայն` ֆետայական, զինուորական, քաղաքական, հոգեւորական, պետական, դիւանագիտական, հասարակական եւ այլ անձնաւորութիւններ, որոնք ծնան Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի բաց դաշտերուն վրայ, Արագածի փէշերուն եւ Զանգեզուրի երկնամերձ բարձունքներուն` «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանով հայրենակերտման դժուարին ուղին հարթած ֆետայիներու սերունդին շնորհիւ: Զինուորներ էին անոնք, մարտիկները ցեղին ազնուագոյն արժէքներուն, ամենահամեստ հայդուկները` երեքհազարամեայ հայ արեան ամէնէն իրաւ ապրումներուն: Քաղաքական եւ դիւանագիտական նուիրեալներ էին նաեւ: Հայոց ինքնութիւնը կոփուեցաւ այդ բազմահազար դէմքերուն շնորհիւ:

Այստեղ ներկայացուած 100 դէմքերը կը ներկայացնեն կեանքը այն մտաւորականներուն եւ հայդուկներուն, որոնք գրիչով ու զէնքով, հաւասարապէս, կերտեցին հայկական ազատամարտը, եւ որուն արդիւնք է Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Անոնք իրենց գերազանցութեամբ լաւագոյնս կ՛արտացոլացնեն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան ընթացքը:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու, պետական դէմքերու եւ այլ նուիրեալներու փաղանգը բաժնուած է հետեւեալ երեք բնագաւառներու մէջ.

Առաջինը` անկուսակցական, ռուսական բանակին մէջ ծառայող զինուորականները, զօրավարէ սկսած մինչեւ համեստ զինուորը: Անոնցմէ շատերը իրենց փառաւոր յաղթանակներով դարձած էին զինուորական մեծահռչակ հեղինակութիւններ, ծնած եւ դաստիարակուած` օտարացած հայ ընտանիքներու մէջ, ռուսական զինուորական վարժարաններու մէջ կազմաւորուած, երբեմն` թրծուած ռուսական ոգիով, տարիներ ռուս պետական շահերուն ծառայած, երբեմն` նոյնիսկ անծանօթ` հայ իրականութեան, անհաղորդ` հայկական ցաւերուն: Կատարելապէս ռուսացած հայ զինուորականները, երբ քայքայուած ճակատի վերակազմակերպման համար Թիֆլիսի Հայ ազգային խորհուրդն ու հայ ժողովուրդը կարիքը ունէին իրենց, անոնք առանց տատամսելու` հայ ազգին հետ եղան պատերազմի դաշտին մէջ, առաջնակարգ դիրքերուն վրայ, հայօրէն նահատակուելու:

Ահա՛, ոչ մէկ հոսանքի թեքում ունեցողներ, պարզապէս` հայու հաւատարիմ արիւն կրողներ, որոնք համայն հայութեան զաւակներն էին, վերադարձած էին իրենց ժողովուրդին, եւ ամբողջ ազգը, դարերու մթին անջրպետէ մը ետք, իրենցմով վերականգնած էր, եւ իրենք վերականգնած էին սպարապետի, զօրավարի, հրամանատարի իրենց հինէն եկած փառքը:

Եթէ ռուսական դաստիարակութիւն ստացած զինուորականները հայօրէն պատրաստ էին նահատակուելու, ապա Արամ Մանուկեաններն ու Դրոները, Գարեգին Նժդեհներն ու Սասունիները եւ անոնց նմանները, որոնք մաս կը կազմէին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան, իրենց երդումին հաւատարիմ` միայն ու միայն ծառայել իրենց ազգին, առանց փնտռելու փառք ու պատիւ, յանձն առին իրենց արեամբ ոռոգել հայրենի սուրբ հողը:

Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան)` հսկայ մը. քաղաքական կամ զինուորական ղեկավար ոչ մէկ դէմք Արամի նման իր դրոշմը ձգած է Հայաստանի անկախութեան պատմութեան վրայ:

Ճգնաժամային այդ օրերուն ժողովուրդը Արամին կը յանձնէ ամէն իշխանութիւն եւ զայն կ՛ընտրէ տիքթաթէօր, բայց իր ամբողջ կեանքը ժողովուրդին մէջ անցուցած ղեկավարը չի դառնար միապետ:

Արամ Մանուկեանի ներկայութեան չկար արեւելահայի եւ արեւմտահայի խնդիր, չկար նաեւ յարանուանական կամ կուսակցական խտրութիւն: Ան պահած էր հաւասարակշռութիւնը: Այս հաւասարակշիռ յստակատեսութեամբ է, որ ան ստեղծեց իր «տիքթաթէօրութիւնը»:

Արամ Մանուկեանին վիճակուեցաւ սեփական կնիքը պարտադրել պատմութեան ընթացքին:

Եթէ այսօր ուրախութեամբ եւ հպարտանքով կ՛ընդունինք, որ համայն հայութեան Հայաստանն է այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու անոր գլուխը կանգնող նախագահը, ապա պէտք է արժանավայել ձեւով նշենք 28 մայիս 1918 թուականը ու մայիսեան յաղթանակներով պսակող Հայաստանի անկախ պետականութեան դարբինին` Արամ Մանուկեանին դերակատարութիւնը եւ յիշատակը, որովհետեւ 28 մայիս 1918 թուականը համազգային սեփականութիւն է, իսկ Արամ Մանուկեանը խորհրդանիշն է այդ սեփականութեան, մեր այսօրուան լինելութեան եւ ինքնութեան` իբրեւ գաղափարական մարդ, քաղաքական գործիչ, աննկուն յեղափոխական, կազմակերպական ղեկավար եւ համայն հայութեան Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր ՀԵՐՈՍ-ը:

Իսկ երրորդ բնագաւառին մաս կը կազմեն այն անձնաւորութիւնները, որոնք ընդհանրապէս եղած են քաղաքական, պետական, դիւանագիտական, կրթական, հասարակական գործիչներ` օրուան տարբեր կուսակցութիւններու անդամներ եւ կամ անկուսակցականներ, որոնք նոյնպէս հայ ազգի շահերը ամէն ինչէ վեր գերադասելով` յանձն առին շատ ծանր իրենց պարտաւորութիւնները:

Հայաստանի անկախութեան 100-րդ տարեդարձին առիթով, բնականաբար եւ ինքնաբերաբար, ազգովին պարտաւոր ենք յարգելու յիշատակը հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած` հաւատքով ու կամքով համախմբուեցան հայրենիքի կերտման շուրջ: Ուրեմն անհրաժեշտ է մնալ մայիս 28 կերտողներուն պատգամին հաւատարմութեամբ, որովհետեւ պատմութիւնը կը մնայ անջնջելի եւ անխախտ:

Հետեւաբար Հայաստանի անկախութեան, իրաւական հանրապետութիւն ըլլալու եւ հիմնադրման մէջ մեծ է դերը այն հազարաւոր հայ հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքը ազատութեան, անկախութեան ու Հայ դատի զոհասեղանին մատաղ տուին: Անոնք իրենց հերոսական արարքներով անմոռանալի կը մնան մարդոց եւ հաւաքականութեան մտքերուն մէջ, որովհետեւ յստակ դրոշմ դրին շրջանի մը վրայ եւ կամուրջ կը հանդիսանան անցեալին եւ ապագային միջեւ:

Վերջապէս, հեռու զգացական մօտեցումներէ, անհրաժեշտ է յիշատակը վառ պահել այդ հերոսներուն, որովհետեւ անո՛նք դարերու համար կերտեցին դիմագիծը հայ միասնական սերունդներուն` խիզախ,  պատուախնդիր եւ անվեհեր` հիմնելու միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանը:

 

ՏԻԱՆԱ ԱԲԳԱՐ

Անահիտ Աբգարեան (Տիանա Աբգար)` մտաւորական, գրող, հասարակական եւ քաղաքական ականաւոր գործիչ, 1919-1920 թուականներուն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչը Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ (Ճափոն), աշխարհի առաջին կին դեսպանը:

Իրականութեան մէջ Տիանային անունը Տայանա է, բայց քանի որ ինքը` Աբգարը, իր անունը հայերէն գրած է Տիանա, այժմ ընդունուած է այդ տարբերակը, իսկ անոր օրիորդական ազգանունը Աղաբեկեան է: Տիանայի ծննդավայրին հետ կապուած իրերամերժ տեսակէտներ կան` Պուրմայի մայրաքաղաք Ռանկուն, Նոր Ջուղա, Պոմպէյ, սակայն յստակ է, որ անոր նախահայրերը եղած են նորջուղայեցիներ:

Տիանան ծնած է 12 հոկտեմբեր 1859-ին: Կրթութիւնը ստացած է Կալկաթայի կանանց մենաստանին մէջ:

1890 թուականին Հոնկ Քոնկի մէջ ամուսնացած է ծնունդով նորջուղայեցի Միքայէլ Աբգարեանին (Մայքլ Աբգար) հետ, որմէ ետք որոշած են մշտական բնակութիւն հաստատել Ճափոն, ունեցած են երեք զաւակ:

Տիանա 1906 թուականին, ամուսինին մահէն ետք, ընտանիքը տեղափոխած է Եոքոհամա, ուր ան բացած է վաճառատուն եւ մեծ առանձնատուն գնած` Եոքոհամայի Եամատէ թաղամասին մէջ, որուն հիւրընկալ դռները միշտ բաց եղած են ինչպէս օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, այնպէս ալ խոնարհ հայ գաղթականներու առջեւ:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին եւ այդ տարիներուն Տիանա Աբգարը հանդէս եկած է հայ ժողովուրդին նուիրուած դասախօսութիւններով, յօդուածներով, աշխատակցած է Եոքոհամայի «The Japan Gazette» անգլիալեզու ճափոնական թերթին: Այդ թերթի հրատարակութիւններուն մէջ անոր անգլերէն հրատարակած գիրքերէն են` «The Truth About the Armenian Massacres» («Ճշմարտութիւնը հայութեան ջարդերու մասին» (1910 թ.), «The Case of the Armenians» («Հայկական հարցը»), Betrayed Armenia («Դաւաճանուած Հայաստան», (1912 թ.), «In His Name» («Իր անունով», (1911 թ.), «The Peace of Europe» («Եւրոպայի խաղաղութիւնը»), «The Peace Problem» («Խաղաղութեան հարցը», (1912 թ.), «Peace and no peace» («Խաղաղութիւն եւ ոչ խաղաղութիւն», (1912 թ.): Ան նաեւ կատարած է ժամանակի հանրայայտ «Թայմզ», «Ֆիկարօ» եւ այլ թերթերու ու ամսագրերու պատուէրները` գրելով յօդուածներ Արեւելքի երկիրներու տնտեսութեան վերաբերեալ:

Տիանան, հայերէնի կողքին, տիրապետած է` պարսկերէնի, անգլերէնի, հնդկերէնի, ճափոներէնի ու չինարէնի:

Տիանան նաեւ բանաստեղծութիւններ գրած է, որոնք լոյս տեսած են եւրոպական ու ամերիկեան մամուլին մէջ: Անոր վերջին գործը եղած է «From the Book of One Thousand Tales», «Stories of Armenia and its People», «Հազար պատմուածքներու գիրքէն», «Հայաստանի ու անոր մարդոց պատմութիւնները» պատմուածքներու ժողովածուն (2004 թ. Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակած է անոր թոռնուհին` Լուսիլ Աբգարը): Տ. Աբգարի գրած նիւթերը ինք լսած եւ գրի առած է Ճափոն հասած հայ փախստականներէն:

Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն իր կրթութեամբ, հարստութեամբ ու հայրենասիրութեամբ մեծ համբաւ ու հեղինակութիւն վայելող Տիանան դրսեւորեց իր մեծ սէրն ու յարգանքը հայ ժողովուրդին հանդէպ: Ան կը փորձէր ամէն կերպով օգտակար ըլլալ ազգակիցներուն ու Հայաստանին:

Տ. Աբգարը լաւատեղեակ էր ինչպէս հայ ժողովուրդի ծանր վիճակին, այնպէս ալ եւրոպական երկիրներէն տրուող օգնութեան պակասին մասին: Ան ամէն ինչ ըրած է Եւրոպայի օգնութիւնը կազմակերպելու ուղղութեամբ, բայց` ապարդիւն:

1919 թուականին Տիանան մասնակցած է Խարբինի մէջ (Չինաստան) կայացած Սիպերիոյ եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայերու համաժողովին, ուր զայն ընտրած են պատուոյ նախագահ:

2 յուլիս 1920-ին Տիանա Աբգարը նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ եւ գլխաւոր հիւպատոս Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճափոնի մէջ:

Տիանա Աբգարի դեսպան նշանակուելէ ետք, Ճափոնը տէ ֆաքթօ ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` հեշտացնելով Տիանայի մարդասիրական գործունէութիւնը եւ փախստականներուն տրուող օգնութիւնը: Անոր հովանաւորութիւնը վայելած են նաեւ Սինկափուրի եւ Ինտոնեզիոյ հայերը:

Տիանա Աբգարը, զարգացած ըլլալուն կողքին, եղած է կրօնասէր, քաղաքականապէս տեղեկացուած, գթառատ եւ յստակ գործող անձնաւորութիւն: Ան ունեցած է նաեւ շատ տպաւորիչ արտաքին ու հմայք, այդ պատճառով ալ բոլոր ազգերու դիւանագէտները միշտ ոտքի կանգնելով` յարգած են զինք:

Տիանա Աբգարի աշխատութիւնները ու 13 գիրքերը, որոնցմէ ինը նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան, ճափոնական հասարակութեան ծանօթացուցած են հայ ժողովուրդին ու Եղեռնին: Միաժամանակ ան կրցած է նիւթական միջոցներ հայթայթել` օգնելով Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն, ոմանց ալ տեղափոխելով Միացեալ Նահանգներ:

Տիանա Աբգարը Ճափոնի մէջ ապրած է 46 տարի: Ան կը մահանայ 8 յուլիս 1937-ին, Եոքոհամայի մէջ: Անոր աճիւնը ամփոփուած է տեղի օտարերկրացիներու գերեզմանատունը` ամուսինին շիրիմին կողքին:

(Շար. 1)

Նախորդը

Ե՛ւ Գառները Ողջ Մնացին, Ե՛ւ Գայլերը` Կուշտ

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական. Ո՞վ Է Դաշնակցականը (Վերահարստացման Փորձ)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.