ՏԻՒՆ
Առանձին կը բնակէր կրթական հաստատութեան խոնարհ ծառան, ուղեղին մէջ ամփոփուած գիրքերու ծանրութեան հետ կը շալկէր նաեւ իր իւրաքանչիւր աշակերտի հոգն ու դժուարութիւնները: Վարժարան չուղարկեց իր սեփական զաւակը, զաւակ չունեցաւ ան, սակայն ունեցաւ աւելի քան 500 աշակերտի հոգը, առօրեայ դժուարութիւնները, չպարգեւատրուեցաւ, «բարձունք»-ներու չհասաւ, ամսականի յաւելում ալ չպահանջեց, վաստակած քիչ գումարը իր աշխատած հաստատութեան կտակեց: Այլասիրութեան բնաւորութեան պատճառով պարտք ալ ունեցաւ, տագնապներով լեցուն կեանք մը, թէեւ ատիկա իրեն հաճոյք կը պատճառէր, մաշեցուց ամէն ուժ եւ տաղանդ` վասն այդ հաճոյքի գոյութեան պահպանման, միս ու ոսկոր, հոգի, իր շունչէն տուաւ աշակերտէն մարդ ստեղծելու ակնկալութեամբ եւ աստուածացաւ… այո՛, իր մտածումով, հոգիով, աշխատանքով եւ ապրելակերպով աստուածացաւ աշակերտին համար: Եւ այսպէս ապրեցաւ այս անկրկնելի մարդ-ուսուցիչը, երազէ հիւսուած մարդը, որ երէկ տուն վերադարձիս ճամբուն վրայ ստեղծեցի, որ մեր այսօրուան ապրող իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի: Այո՛, միայն երազային տիպարներն են, որ անկրկնելի կ՛ըլլան… Երազները անկրկնելի են արդէն:
Այսօրուան մեր փնտռտուքի առաջնահերթութիւններէն է ասիկա: Դաստիարակներու, երազային դաստիարակներու գոյութեան իրականացումը, որոնց գործը ուսուցչութենէ, դասատուութենէ շա՜տ աւելին է:
Այսօրուան մեր գործը պիտի ըլլայ անիկա: Գործը սպասելն է: Դաստիարակները չեն ստեղծուիր, բարձրագոյն կրթութեամբ ձեռք բերելիք հմտութիւն մը չէ անիկա: Դաստիարակ ըլլալը հոգեվիճակ է եւ ապրում, բնածին տաղանդ է, որուն համար հաւաքականութիւնները միայն սպասել կրնան` երազի մը իրականացման յոյսով:
Եւ այսպէս, երազի մը իրականացման ակնկալութեամբ, երազելով` պիտի սպասենք երազային մարդոց ծնունդին: Սակայն, այս բոլորէն առաջ, նախապայմանը երազելու ցանկութիւնն է:


