Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դանիէլ Մածունեանի Արխիւը Կը Փոխանցուի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

July 7, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ կեանքին ծանօթ անուն մըն է Դանիէլ Մածունեան (1938-2009), որ դերասանական արուեստի կարճատեւ փորձառութենէ ետք, յարգելի ներկայութիւն մը եղած է ձայնի եւ նկարի աշխարհին մէջ, իբրեւ ազգային-միութենական ձեռնարկներու երկար տարիներու ձայնի հաղորդավար, լուսանկարիչ եւ վիտէօ նկարիչ:

Իր աշխատանքին բերումով ու նաեւ` հաւատաւոր դաշնակցականի յանձնառութեամբ, Դանիէլ Մածունեան ներկայ գտնուած եւ արձանագրած է իր ժամանակի գլխաւոր բոլոր ձեռնարկներն ու հանդիսութիւնները, որոնք արխիւային հարուստ շտեմարան մը կը կազմեն գաղութին պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն համար: Այդ արխիւին մաս կը կազմեն 1960-ական, բայց մանաւանդ` 1970-ական եւ 1980-ական տարիներուն, լիբանանահայութեան Ապրիլ 24-ի, Մայիս 28-ի, ՀՅ Դաշնակցութեան օրուան եւ ազգային այլ ձեռնարկներու լրիւ արձանագրութիւնները, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի զանազան ձեռնարկներու ամբողջական ելոյթները, ինչպէս նաեւ` եկեղեցական բազմաթիւ արարողութիւններու եւ դասախօսական շարքերու ձայներիզներն ու տեսերիզները:

Այս բոլորը, աւելի քան 330 ձայներիզ, տեսերիզ եւ տեսանիւթ, Դանիէլ Մածունեանի ընտանիքը ողջունելի քայլով մը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Դանիէլ Մածունեանի յիշատակը յաւերժացնելու եւ արխիւային նման նիւթերով կեդրոն մը ստեղծելու իբրեւ առաջին քայլ:

Փոխանցուած արխիւը, անկասկած, կորուստէ կը փրկէ լիբանանահայութեան հաւաքական յիշողութեան կարեւոր մէկ մասը, որուն համար ան կը ներկայացնէ անգնահատելի արժէք ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն համար:

Այս առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն շնորհակալութիւն կը յայտնէ Դանիէլ Մածունեանի ընտանիքին` տիկնոջ եւ զաւակներուն, խոստանալով շուտով կատարել արխիւին ամբողջական ցանկագրումը եւ թուայնացումը, մօտիկ ապագային զայն հանրութեան լայն շրջանակի օգտագործման տրամադրութեան տակ դնելու համար:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Երէկ Երեկոյեան Մեկնեցաւ Իտալիա

Յաջորդը

Ռուհանի. «Եւրոպայի Առաջարկածը Բաւարար Չէ»

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.