Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Քոլոմպիա փենալթիներով (4-3) պարտութիւն մը կրելէ ետք Անգլիայէն, դուրս մնաց 2018-ի մոնտիալէն` չկարենալով ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Քոլոմպիոյ կազմէն Մաթէուս Ուրիպէ եւ Քարլոս Պաքքա ձախողեցան իրենց հարուածած փենալթիները կոլերու վերածել եւ չյաջողեցան գնդակը զետեղել Անգլիոյ բերդապահ Ճորտըն Փիքֆորտի բերդին մէջ:
Անոնք երկուքն ալ մահուան սպառնալիքներ կը ստանան քոլոմպիացիներէն:
Քոլոմպիացի զայրացած համակիրները երկու ֆութպոլիստներուն կոչ ուղղեցին չվերադառնալու Քոլոմպիա, որովհետեւ հոն իրենց կը սպասէ… մահը:



