Արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա անդրադառնալով նախանցեալ օր 2018-ի մոնտիալին գծով տեղի ունեցած 1-16-րդ հանգրուանի Անգլիա – Քոլոմպիա մրցումին, ըսաւ.
«Երբ առաջին անգամ հանդիպեցայ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյին, կարծեցի, որ այս կազմակերպութեան մէջ ամէն բան պիտի փոխուի: Բայց Քոլոմպիա – Անգլիա մրցումին ականատես դարձայ օրինաւոր կողոպուտի»:
«Ամերիկացի իրաւարարը` Մարք Կայկըր, իմ կարծիքովս, մեծապէս կրնայ օգտակար դառնալ պէյսպոլին, բայց ան ֆութպոլէն ոչինչ կը հասկնայ: Ան իսկական գող է: Ես հպարտ եմ Քոլոմպիոյ կազմով, որ մինչեւ վերջին վայրկեանը պայքարեցաւ»:



