ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏԸ յունիս ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 29 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ մայիս 2018 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 216 պարագայ:
Այսպէս, ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏԻՆ (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 12 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՖՈՆՏԻՆ (մկրտութեան) դիմում կատարած են 16 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԲԱԶՄԱՑՄԱՆ ՖՈՆՏԻՆ (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուած է մէկ նորածին, 2 հազար ամ. տոլար:
Այս ձեւով անցնող 14 ամիսներուն` մայիս 2017-էն յունիս 2018 Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 245 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


