Փարիզի մէջ շարունակուող «Կրանտ-չես-թուր»-ի արագ ճատրակի Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան յաղթանակ մը արձանագրեց ազրպէյճանցի Շահրեար Մամետեարովի դէմ:
Ան նախապէս յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ Ալեքսանտր Կրիսչուքին դէմ, մինչ հաւասարութեամբ բաժնուեցաւ Ուեսլի Սոյէն, Վլատիմիր Քրամնիքէն, Վիշվանաթան Անանտէն եւ Հիքարու Նաքամուրայէն:
Այս հանգրուանէն ետք Արոնեան այժմ առաւելագոյն 12 կէտէն կրցած է ապահովել 9 կէտ: Անկէ մէկ կէտ աւելի ունի առաջին դիրքին վրայ գտնուող Սօ:



