Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին մասնակցելու համար պաշտօնական դիմումնագիր ներկայացուցած են հետեւեալ 8 ակումբները.
Փիւնիկ, Արարատ – Արմենիա, Լոռի ՖԱ, Արցախ, Ալաշկերտ, Գանձասար-Կապան, Բանանց եւ Արարատ:
Այս տեղեկութիւնը հաղորդեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը` աւելցնելով, որ մրցումներուն գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ աւելի ուշ:



