Լիբանանցի դերասան, յայտագիր ներկայացնող Հիշամ Հատտատ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբի նախկին մարզիկ Ֆատի Խաթիպ 2018-ի մոնտիալի ամբողջ տեւողութեան ուղղակիօրէն պիտի մեկնաբանեն մրցումները:
Չեմփս ակումբին մէջ զետեղուած պիտի ըլլայ հսկայ պաստառ մը, որուն ընդմէջէն մրցումներուն հետեւիլ փափաքողները պիտի ըմբոշխնեն մոնտիալին մթնոլորտը:
Նշենք, որ մրցումներէն բացի պիտի ներկայացուին նաեւ մթնոլորտը զուարճացնող շոյեր` կատարողութեամբ Հիշամ Հատտատի եւ այլ հիւրերու:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ պիտի կատարուին նաեւ մրցումներ, եւ իւրաքանչիւր օր պիտի ըլլան յաղթական անձեր:
Այդ պարգեւներուն մեծագոյնը պիտի ըլլայ օդանաւային տոմս մը:



