Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Հայաստանի հաւաքականներուն որակազրկման գործընթացը, որ ուժի մէջ մտած էր հոկտեմբեր 2017-էն, աւարտեցաւ:
Ասոր լոյսին տակ պատանիներու պայքարին հայ ծանրաբարձները կրնան մասնակցիլ մրցաշարքին, իսկ երիտասարդներու եւ մեծերու մրցաշարքին կրնան մասնակցիլ նաեւ հայրենի ըմբիշները (19 օգոստոսին):
Յուլիսին Հայաստանի հաւաքականը կրնայ մասնակցիլ Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան, որ վարկանշային է պատանեկան ողիմպիականի խաղերուն համար: Ապա Լեհաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի 20-23 տարեկաններու ախոյեանութիւնը: Վերջապէս նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ աշխարհի մեծերու ախոյեանութիւնը:
Նշենք, որ 30 սեպտեմբեր 2017-ին ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը (IWF) իր գումարած նիստին ընթացքին որոշում կայացուց խթանիչ դեղերու գործածութեան համար որակազրկել շարք մը երկիրներ, որոնց կարգին` Հայաստանի հաւաքականը:


