«ՖԻՖԱ»-ի համագումարին ընթացքին երէկ, որոշուեցաւ, որ 2026-ի մոնտիալը պիտի հիւրընկալեն երեք երկիրներ միասնաբար` Քանատա, Մեքսիքա եւ Միացեալ Նահանգներ:
Անոնց ի նպաստ քուէարկեցին 134 անձեր, իսկ Մարոքի հաշուոյն` 65:
Նշենք, որ 2026-ի մոնտիալին առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցին 46 խումբեր:
1994-ի Միացեալ Նահանգներ հիւրընկալած էր մոնտիալը, մինչ Մեքսիքա` երկու անգամ` 1970-ին եւ 1986-ին:


