Անգլիական «Միրըր» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ մերժեց Պայէրն Միւնիխի կողմէ իրեն ներկայացուած առաջարկը` նկատի ունենալով, որ ան կ՛ուզէ Անգլիա տեղափոխուիլ եւ ոչ թէ այլ երկիր:
Գերմանական ակումբը այն կարծիքին է, որ Պէյլ պիտի հանդիսանայ խումբէն հեռացող հոլանտացի Արժեն Ռոպենի լաւագոյն փոխարինողը:
Պէյլով շատ մօտէն հետաքրքրուած է Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Սակայն Զինետին Զիտանի հեռանալէն ետք, Պէյլի տեղափոխութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ արքայական ակումբին նոր մարզիչէն:



