Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Հերթական Խաղ. Քնեսեթի Նախագահը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Նախագիծի Քուէարկութիւնը Դուրս Բերած Է Օրակարգէն

May 30, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող նախագիծի քուէարկութեան հարցը 28 մայիսի դրութեամբ ընդգրկուած չէ Իսրայէլի խորհրդարանի օրակարգին վրայ: «Արմէնփրես» կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը:

Կը նշուի, որ Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտելշթայն հարցը դուրս բերած է օրակարգէն: Անոր մամլոյ քարտուղարը, բացատրելով տեղի ունեցածը, նշած է, թէ Քնեսեթի նախագահը այդ քայլին դիմած է` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ յստակ չէր, թէ արդեօք մեծամասնութիւնը նախագիծի որդեգրման թեր պիտի քուէարկէ՞:

Օրաթերթը կը յիշեցնէ, թէ անցեալ տարիներուն ընթացքին Էտելշթայն բազմիցս թեր արտայայտուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, նոյնը կատարած է նաեւ անցեալ շաբթուան ընթացքին:

Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նախագիծի քուէարկութիւնը երեսփոխան Թամար Զանկպերկի առաջարկով կը նախատեսուէր կազմակերպել 30 մայիսին: Զանկպերկ իր կարգին Էտելշթայնը մեղադրած է քաղաքականութիւնը բարոյականութենէն վեր դասելու մէջ: Ան նշած է, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը Քնեսեթին կողմէ ճիշդ քայլ պիտի ըլլայ, սակայն ոմանք քաղաքականութիւնը աւելի վեր կը դասեն:

«Քնեսեթը պէտք է կատարէ խոստումը, ասիկա պատմական արդարութեան հարց է», ըսած է երեսփոխանը:

Անգարա. «Եթէ Իսրայէլ Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Ապա Այդ Քայլով Ինքն Իրեն Վնասած Պիտի Ըլլայ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարած է, որ եթէ Իսրայէլ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա այդ քայլով ինքն իրեն վնաս պատճառած պիտի ըլլայ` խախտելով «Ողջակիզումի յատուկ կարգավիճակ»-ը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը:

Ըստ անոր, Իսրայէլ պէտք չէ եւ չի կրնար նոյն հարթութեան վրայ դնել Ողջակիզումն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը: «1915-ի դէպքերը քաղաքական նիւթ չեն, ատիկա պատմական ու իրաւական նիւթ է», ըսած է Աքսոյ:

Յիշեցնենք, որ Քնեսեթը 23 մայիսին որոշում տուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ներկայացնելու խորհրդարանի չորեքշաբթի, 30 մայիսի լիագումար նիստի քուէարկութեան:

 

Նախորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Պահանջէ 32 Նախարար Հաշուող Կառավարութիւն Մը` Երկու Հայերով

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Առիթով. Գոհաբանական Մաղթանք` Ս. Էջմիածինի Մէջ

RelatedPosts

Կիրակի Օրուան Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններէն Առաջ.  ՀՅԴ-ի Նախընտրական Ամփոփիչ  Հանրահաւաք` Արտաշատի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Կիրակի Օրուան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններէն Առաջ. ՀՅԴ-ի Նախընտրական Ամփոփիչ Հանրահաւաք` Արտաշատի Մէջ

October 23, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.