Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Հայաստան – Լիթուանիա 0-1

March 28, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը քանի մը օրուան մէջ երկրորդ մրցումը կատարելով կրկին  կոլ չկրցաւ նշանակել եւ չկրցաւ յաղթել:

Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումը վերջ գտաւ  ի նպաստ Լիթուանիոյ` 0-1 արդիւնքով:

Առաջին իսկ երկվայրկեաններէն Հայաստանի հաւաքականը նետուեցաւ յարձակումի, իսկ Սարգիս Ադամեանի հեռուէն հարուածէն ետք գնդակը անցաւ բերդի ձողին ճիշդ քովէն: 26-րդ վայրկեանին Հենրիխ Մխիթարեան նեղ անկիւնէ մը հարուածեց գնդակը, սակայն չկրցաւ կոլ նշանակել:

29-րդ վայրկեանին Լիթուանիոյ  հաւաքականի ֆութպոլիստի հեռուէն ուղարկած գնդակը դպաւ հայկական բերդի ձողին:

31-րդ վայրկեանին լաւ խաղարկութենէ մը ետք,  Էրիք  Վարդանեան վտանգաւոր հարուածեց, սակայն կրկին կոլ չնշանակուեցաւ:

Առաջին կիսախաղի վերջին վայրկեանին Հայաստանի մրցակից կազմը նշանակեց կոլ մը` օգտուելով Հայաստանի հաւաքականի յետսապահներու սխալէն: Անոնք յառաջացած էին, եւ բաց տարածութիւն մնացած էր:

Երկրորդ կիսախաղին սկիզբը անցաւ հանդարտ կշռոյթով:  Հայաստանի հաւաքականի խաղը առջեւի գիծին մէջ  աշխուժացուցին փոխարինուած մարզիկներ Արազ Օզպիլիս եւ Կամօ Յովհաննիսեան:

Նախ` քորնըրէ մը ետք Վարազդատ Հարոյեան կրնար կոլ նշանակել, իսկ ապա Օզպիլիսի լաւ խաղարկութենէն եւ փոխանցումէն ետք  գնդակին չհասաւ Սարգիս Ադամեան:

Երկու կոլային առիթներու միջեւ վտանգաւոր յարձակումներ ըրին լիթուանացիները, սակայն բերդապահ Գոռ Մանուկեան արթուն էր եւ զսպեց գնդակները:

Հայաստանի հաւաքականը քանի մը յարձակում եւս փորձեց, սակայն արդիւնքը մնաց անփոփոխ:

Հայաստանի հաւաքականը դաշտ ներկայացած էր հետեւեալ կազմով. Գոռ Մանուկեան, Հայկ Իշխանեան, Վարազդատ Հարոյեան, Կայէլ Անտոնեան, Ռոպերթ Դարբինեան, Էրիք Վարդանեան, Ռումեան Յովսէփեան, Գէորգ Ղազարեան, Հենրիխ Մխիթարեան, Սարգիս Ադամեան: Փոխարինողներ` Արազ Օզպիլիս,  Կամօ Յովհաննիսեան, Նորպերթօ Պրիասքօ-Պալեքեան:

ՖԻՖԱ-ի դասակարգումի աղիւսակին մէջ   Հայաստանը 91-րդ, իսկ Լիթուանիա 147-րդ դիրքերուն վրայ կը գտնուին:

 

Նախորդը

Բռնցքամարտի Եւրոպայի Ախոյեանութիւն Երկու Հայեր Եւս Յաղթական

Յաջորդը

Ազգերու Լիկային Մասնակցելու Համար Հայաստան Կը Ստանայ 500 Հազար Եւրօ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.