«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ա. Սէ. Միլան, որ իր դաշտին` Սան Սիրոյի մէջ հիւրընկալեց Արսենալը, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց` շուրջ 73 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Մրցումին հաշիւը սքանչելի ուժգին զօրաւոր հարուածով մը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ եւ խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան` 15-րդ վայրկեանին:
Իսկ 45-րդ վայրկեանին Աարոն Ռամսի նշանակեց երկրորդ կոլը:
Մրցումին աւարտին Մխիթարեան ճանչցուեցաւ այս ճակատումին լաւագոյն խաղացողը` «Ուու-Սքորտ» կայքին կողմէ ստանալով 8,8 գնահատական:
Ան դաշտ ներկայացաւ ամբողջ 90 վայրկեան:



