Միջազգային մարզական մամուլը վերջերս անդրադարձաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի կատարած յայտարարութեան, որ կը վերաբերի 2018-ի մոնտիալի կազմակերպչական աշխատանքներուն:
ՖԻՖԱ-ի նախագահը, ըսաւ. «Ռուսիա 99 առ հարիւրով պատրաստ է հիւրընկալելու 2018-ի մոնտիալը: Կը մնան կարգ մը ոչ այդքան կարեւոր մանրամասնութիւններ, որոնք արդէն իսկ կը թուին աւարտած ըլլալ: Բոլոր անոնք, որոնք կը պատրաստուին Ռուսիա մեկնելու, անպայման հիանալի եւ յիշատակելի պահեր պիտի անցընեն: Անհրաժեշտ բոլոր դասաւորումները կատարուած են, որպէսզի զբօսաշրջիկները գոհ մնան Ռուսիոյ մէջ իրենց կեցութենէն»:



