Սպանական մամուլը, անդրադառնալով վերջերս տեղի ունեցած Լեկանես – Ռէալ Մատրիտ մրցումին, որ աւարտեցաւ վերջինիս յաղթանակով (3-1), նշեց, որ մայրաքաղաքի կազմի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նոր մրցանիշ մը հաստատեց իր ստացած դեղին քարտերով:
Լեկանեսի դէմ մրցումին դեղին քարտ մը ստանալով` (163-րդ անգամ ըլլալով), ան, կոտրեց Խիմնասթիքի ֆութպոլիստին` Ալպերթօ Լոփոյի մրցանիշը (162 դեղին քարտ):
Ասկէ բացի, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պատմութեան մէջ Ռամոս այլ մրցանիշ մըն ալ հաստատած է եւ այժմ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, որովհետեւ ան ցարդ ստացած է 19 կարմիր քարտ:



