ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Ա.- Չիլիի Արմատական Ընկերվար-Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Օրինակը
Ընդհանուր առմամբ, քաղաքականութեան մէջ (19-րդ դարէն սկսեալ) սուր պայքար կայ կղերապետական-աստուածապետական եւ աշխարհիկ ուժերու միջեւ` կրօնի քաղաքական դերակատարութեան շուրջ: Գաղափար ունենալու համար, թէ իւրաքանչիւր յառաջդիմական կուսակցութիւն, համաձայն` իր ազգային-մշակութային, պետութեան քաղաքակրթական եւ շրջանային ու տեսական արժէքներուն, ինչպէ՞ս յաջողած է կիրարկել աշխարհիկութիւնը, այս եւ յաջորդ յօդուածներով կը ներկայացնեմ օրինակները շարք մը կուսակցութիւններու, որոնք յաջողեցան աշխարհիկութիւնը տեսականէն վերածել գործնականի: Կը սկսինք Չիլիի օրինակէն:
Չիլին 1925-էն սկսեալ աշխարհիկ պետութիւն կը նկատուի` նոյն տարուան ընթացքին լոյս տեսած սահմանադրութեան շնորհիւ: Աշխարհիկ համակարգի հիմքերու ծրագրման ու ստեղծման առաջին ճարտարապետը եղաւ Արմատական կուսակցութիւնը (այսօրուան Ընկերվար-ժողովրդավարական արմատական կուսակցութիւնը նախորդող ուժը), որ Չիլին դարձուց աշխարհի ամէնէն աշխարհիկ պետութիւններէն մէկը:
Ընկերվար-ժողովրդավարական արմատական կուսակցութեան «Սկզբունքներու հռչակագիրը» կը նշէ. «Չիլիի Արմատական կուսակցութիւնը աշխարհիկ ընկերակցութիւն մըն է, որ բաղկացած է ազատամիտներէ եւ բիւրեղացած մտածելակերպով համոզմունքներ ունեցողներէ: Անիկա հիմնուած է 1863-ին` պայքարելու համար յանուն ազատութեան, հաւասարութեան, եղբայրութեան ու ժողովրդավարութեան, եւ այդ պայքարը կ՛ենթադրէ ընկերվարութիւն, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը մասնակից կը դարձնէ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին` մնայուն փոփոխութիւն յառաջացնելով, հիմնուած ըլլալով համամարդկային գաղափարներու, բանապաշտութեան, աշխարհիկութեան եւ բնութեան յարգանքի համընդհանուր սկզբունքներուն վրայ»: Նշեալ տողերը կը յստակացնեն, թէ որքա՛ն արժէքաւոր է աշխարհիկութիւնը` իբրեւ ծրագրային ու գործնական հիմք, Չիլիի արմատականներուն համար, ինչպէս նաեւ կը շեշտեն այդ գաղափարին գրաւած մեծ տեղը անոնց գաղափարական-տեսական ըմբռնումներուն մէջ:
Աւելի խորանալով արմատականներու աշխարհիկութեան տեսութեան մէջ` կ՛արժէ դիմել Արմատական կուսակցութեան «Քաղաքական տեղեկատուական ազգային դպրոց»-ին հրատարակած «Մարդկութիւն եւ աշխարհիկութիւն» գրքոյքին, որ աւելի կը բացատրէ արմատականներու աշխարհիկութեան ըմբռնումը: Այդտեղ կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Պատմականօրէն արմատականներու սկզբունքներուն մէջ կարեւորներէն մէկը եղած է աշխարհիկութիւնը: Աշխարհիկութիւն ըսելով` կը հասկնանք այն մտածելակերպը, միտքը կամ հոսանքը, որ անկախ է դաւանականութենէ, ինչ որ կը նշանակէ հասարակութիւն մը` առանց կրօնական-դաւանական միջամտութեան»: Գրքոյկը նաեւ աշխարհիկութեան կ՛անդրադառնայ կղերական ակնոցով եւ կը պատասխանէ կղերական դասին թիւր պատկերացումներուն` գրելով. «Սկիզբէն ի վեր աշխարհիկութիւնը յարձակման ենթարկուած է կղերականութեան կողմէ այն պատճառով, որ իբր թէ աշխարհիկութիւնը յարձակում կատարած է ընդդէմ եկեղեցւոյ հասարակական ազդեցութեան: Աշխարհիկութեան համար աւելի կարեւոր է անհատի խղճի-դաւանական ազատութիւնը, քան հակառակորդի դիրք բռնելը` կրօնին նկատմամբ»: Քննելով աշխարհիկութեան կարեւորութիւնը զուտ կուսակցական (արմատականներ) տեսանկիւնէն` գրքոյկին մէջ կը նշուի. «Մենք շեշտը կը դնենք աշխարհիկութեան պաշտպանութեան վրայ այն իմաստով, որ անիկա մեզի թոյլ կու տայ սահմանել մեր ազատութիւնն ու նուազագոյն յարգանքը, որ ժողովրդավարական հասարակութիւնը կը պահանջէ, եւ անոնք կարեւոր սիւներ կը դառնան ըմբռնելու համար ժողովրդավարութիւնն ու ընկերվարութիւնը, որոնք առանց անհատական ազատութեան` ըմբռնելի չեն դառնար»:
Ինչ կը վերաբերի Չիլիի արմատական երիտասարդութեան (Արմատական ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը), անոնք ժողովրդավարութեան եւ ընկերվարութեան կողքին, իրենց գաղափարական երրորդ հիմքը դարձուցած են աշխարհիկութիւնը: Անոնք «Մենք համամարդկային աշխարհիկներ ենք» խորագիրով գրութիւն մը տեղադրած են իրենց պաշտօնական էջին վրայ եւ անոր մէջ ընդգծած են. «… մենք կը պաշտպանենք ազատութիւնը իր բոլոր ուղղութիւններով եւ կը մերժենք կրօնական ու բարոյական վարդապետութիւնները, յատկապէս երբ անոնք կը պարտադրուին հանրութեան` ի վնաս անհատական ազատութեան»:
Այս բոլորը կը վերաբերէին արմատականներու տեսական-ծրագրային հասկացողութիւններուն: Ինչ կը վերաբերի գործնականին, արմատականները իրենց հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն յայտարարած են, որ կը հետապնդեն «աշխարհիկութեան ամրապնդում»-ը: 1830-ին հաստատուած Տիեկօ Փորթալեսի բռնատիրական կառավարութիւնը հիմքը կը դնէ պահպանողական ժամանակաշրջանի մը, երբ Չիլին կը գտնուէր կղերականութեան մենաշնորհին ներքեւ: Մենաշնորհեալ այդ խաւին ներկայացուցիչները զրկանքի ենթարկեցին ոչ կաթողիկէ քաղաքացիները` ամուսնութեան, ծննդեան գրանցման եւ թաղման իրաւունքներէն օգտուելու առումով: Արմատականները իրենց մեծագոյն ներդրումը կը բերեն Չիլիի պատմութեան մէջ 1880-ականներուն, երբ անոնք քաղաքացիական հիմքի վրայ կ՛օրինականացնեն ամուսնութիւնը, նորածիններուն արձանագրութիւններն ու գերեզմանատուները` հիմը դնելով Չիլիի քաղաքացիական-աշխարհիկ համակարգին:
Եզրակացնելու համար մեր միտքերը արմատականներու կողմէ կերտուած Չիլիի աշխարհիկ համակարգին մասին` կը վերադառնանք «Մարդկութիւն եւ աշխարհիկութիւն» գրքոյկին մէջ տեղ գտած հետեւեալ տողերուն. «Չիլիի աշխարհիկութիւնը հիմնուած է աստիճանական հոլովոյթի մը վրայ, որ կը պարունակէ հիմնարկային եւ ոչ թէ մշակութային մակարդակը. անոր նպատակը եղած է եկեղեցին հեռու պահել կեանքի ամէնէն տարրական հարցերէն»:


