Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԵՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ

November 5, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ գիրին ու գրականութեան, լեզուին ու մշակոյթին տէր կանգնած եւ անոնց ծառան հանդիսանալով` զանոնք աշխարհով մէկ տարածելու առաքելութիւնը ամենայն բծախնդրութեամբ կատարած Համազգայինի հրատարակչատունը երէկ` ուրբաթ, 5 նոյեմբերի երեկոյեան փառաշուք կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը:

Այս առիթով «Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթ-ընթրիքը կը վայելէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին բարձր հովանաւորութիւնը, եւ անոր ներկայ էին պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի մեծ ընտանիքի անդամներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ եւ հրատարակչատան նեցուկ ու զօրավիգ կանգնած հիւրեր:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Գալեմքերեան. Համազգայինի հրատարակչատան 80-ամեայ երթը ներկայացուեցաւ այս առիթով պատրաստուած տեսաերիզի ընդմէջէն:

Ապա խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան, որոնք լուսարձակի տակ առին ներկայ դժուար ու մարտահրաւէրներով լի պայմաններուն լոյսին տակ հայկական արժէքներու պահպանման դիմաց թումբ կանգնող դժուարութիւնները, որոնց շրջանցման համար անհրաժեշտ են հաւաքական աշխատանքն եւ գործող կենարար կառոյցներուն նկատմամբ զօրակցութիւնն ու նեցուկը: Անոնք հաստատեցին, որ Համազգայինը տակաւին իր դիմաց ունի իրագործելի մեծ աշխատանքներ, զորս կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել հաւատքով, սփիւռքի կազմակերպական եւ նիւթական ուժերու համագործակցութեամբ ու մարդուժի նուիրեալ բանակի մը առկայութեամբ:

Հայ գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթին նկատմամբ իրենց ունեցած մեծ ներդրումին համար Համազգայինի հրատարակչատան 80-ամեակին առիթով յուշանուէրներ յանձնուեցան «Գ. Կիւլպենկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքին, Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամին եւ Սէթեան ընտանիքին:

Աւարտին իր գնահատանքի եւ ողջոյնի խօսքը արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ շեշտելով լիբանանահայութեան ունեցած մեծ ու հիմնական դերակատարութիւնը` սփիւռքի կեանքին մէջ, դիտել տուաւ, որ Համազգայինի հրատարակչատան նման կառոյցներու կատարած աշխատանքը խիստ կարեւոր է լիբանանահայութեան այս հանգամանքը ըստ արժանւոյն պահպանելու առումով:

80-ամեակին առիթով կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Նշենք, որ այս առիթով Հայաստանի Հրատարակիչներու ազգային ընկերակցութեան յատուկ գիրով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը դարձաւ այս կառոյցի անդամ:

(Հանդիսութեան աւելի մանրամասն կերպով կ՛անդրադառնանք յառաջիկային):

Նախորդը

ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»Ի ԲՐԻՏԱՆԻԱ, ՖՐԱՆՍԱ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՊԻՏԻ ՉԶՕՐԱԿՑԻՆ ՄԱԿ-ԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԴԻՄՈՒՄԻՆ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։