Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՊՐԻԺԻԹ ՉԵԼԵՊԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ «ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ» ՄԱՍԻՆ

November 5, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մտքով թերաճ հայ մանուկներու «Զուարթնոց» կեդրոնին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 4 նոյեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ «Մանուկներու իրաւունքը» նիւթին շուրջ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Արաքսի Տապպաղեան, որ ողջունելով ներկաները հայերէնով եւ արաբերէնով ներկայացուց օրուան բանախօս, իրաւաբան Պրիժիթ Չելեպեանը: Տապպաղեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց կեդրոնի այժմու գործունէութեան պատկերը` նշելով, որ այս դասախօսութիւնը կ՛իյնայ կեդրոնի կազմակերպած զրոյց-հանդիպումներու եւ դասախօսութեանց հերթական ձեռնարկներուն ծիրին մէջ:

Այս առիթով «Ազդակ»ին հետ հակիրճ զրոյցով մը Տապպաղեան յիշեցուց, որ կեդրոնը հիմնուած է 1 դեկտեմբեր 1987-ին` ներշնչուելով բարեսէր գործիչ Ժան Վանիէի նմանօրինակ նախաձեռնութիւններէն: Կեդրոնը հիմնուած է գործակցաբար Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան, որ իր կարգին կ՛ընդգրկէ գաղութի բարեսիրական գլխաւոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, ինչպէս` ԼՕԽ, «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկ, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկ եւ այլն: Տապպաղեան պատասխանելով «Ազդակ»ի հարցումներուն թուեց, որ 3-էն 35 տարիքի միջեւ հայ եւ ոչ հայ (մտքով թերաճ) մանուկներ ու չափահասներ կը յաճախեն կեդրոն: Ան յիշեցուց, որ հերթականօրէն կազմակերպուող այս ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, 17 նոյեմբերին պիտի ներկայացուի նիւթ մը «Օթիզմ»ի մասին: Ապա հրաւիրեց բանախօսը իր նիւթը ներկայացնելու:

Օրուան դասախօս, իրաւաբան Պրիժիթ Չելեպեան խօսեցաւ մանուկներու իրաւունքին մասին` նշելով, որ Լիբանան այս գծով յատուկ համաձայնագիր կնքած է: Ապա ան թուեց մանուկներու իրաւունքները խափանող հիմնական արգելքները, ինչպէս` անոնց հետ բիրտ վերաբերմունքը, անոնց բարեկեցիկ կեանք շնորհելու ծնողներուն պարտականութեան զլացումը, ինքնութեան հարցը, յատկապէս երբ պետական համապատասխան տոմարներուն մէջ չեն արձանագրուած, մանկական շրջանի խնամքի հարցը, որ յաճախ վէճի դուռ կը բանայ ամուսնալուծուող զոյգերու դատավարութեան ընթացքին: Ան թուեց, որ իւրաքանչիւր համայնքի մէջ ո՛վ եւ ո՛ր տարիքին իրաւունք ունի ստանձնելու մանուկին հոգատարութիւնը:

Ապա, իրաւաբան Չելեպեան անդրադարձաւ կիներու եւ մայրերու վերաբերմունքին` ընդգծելով, որ ոչ մէկ ատեն մայր մը պէտք է անտարբեր մնայ իր զաւակներուն իրաւունքներուն հետապնդման գծով, յատկապէս ամուսնալուծման պարագային ու դատական ատեաններու մօտ: Այս գծով Չելեպեան յիշեցուց, որ ինք հիմնադիր տնօրէնն է Արդարութիւն առանց սահմանի» ոչ կառավարական կազմակերպութեան` պատրաստակամութիւն յայտնելով օգտակար հանդիսանալու բոլոր կիներու եւ յատկապէս մայրերու դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Թուելէ ետք մանուկներու հիմնական իրաւունքներն ու անոնց դիմագրաւած խոչընդոտները, իրաւաբան Չելեպեան շեշտեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի բիրտ ձեւով վարուելու կամ անարգական խօսքերով վիրաւորելու մանուկներու արժանապատուութիւնը: Շուրջ մէկ ժամ տեւած դասախօսութեան ընթացքին Չելեպեան խօսեցաւ նաեւ իր գործունէութեան ընթացքին ծնողներուն հետ իր ունեցած փորձառութեանց մասին` թուելով օրինակներ, թէ ինչպէս պարագայ մը (պատանի)` դժգոհ իր հօր վերաբերմունքէն (դատարանի վճիռով հօրը վստահուած էր իր խնամատարութիւնը), փորձած է անձնասպան ըլլալ` հեռու իր հարազատ մօրմէն: Չելեպեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս իր կազմակերպութիւնը յաջողած է միջամտել եւ փրկել կեանքը պատանիին, որ այժմ համալսարանաւարտ է: Դասախօսութեան աւարտին Չելեպեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն` յիշեցնելով, որ որեւէ պարագայի կարելի է դիմել իրեն, կամ` տեղեակ պահել դատական յատուկ մէկ գրասենեակը, յատկապէս երբ կը նկատուի, որ մանուկ մը բիրտ վերաբերմունքի կ՛ենթարկուի իր ծնողքէն, կամ սեռային վայրագութեան ու բռնաբարութեան կ՛ենթարկուի օտարներու թէ ի՛ր իսկ հարազատներուն կողմէ…

Եզրակացնելով դասախօսութիւնը` ան ընդգծեց, որ թերաճ մանուկներու իրաւունքը ոչինչով կը տարբերի բնական մանուկներու իրաւունքէն: Ան դիտել տուաւ, որ անոնց հիմնական պահանջներէն է զանոնք համարկել եւ ներառել բնական մանուկներու դասարաններու թէ ընկերութեանց մէջ` յատուկ հոգատարութեամբ եւ ոչ թէ ծաղրական մօտեցումով:

 

Նախորդը

«ՏԱՏԻԿԻՆ ԴԱՋՈՒԱԾՔՆԵՐԸ». «ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԵՒ ԱՆԿԷ ԵՏՔ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՊՐԱԾ ԱՀԱՒՈՐ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ Է, ՈՐ ՑԱՐԴ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ԷՐ, ՍԱԿԱՅՆ ՀԱՍԱԾ Է ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱՆՈՆՑ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԵՒ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՏԱԼՈՒ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Յաջորդը

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։