Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան, որ ժամանակաւորապէս կը կատարէ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի նախագահի պարտականութիւնները, նախորդ շաբաթավերջին յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ Հայաստան պիտի չմասնակցի 2017-ի ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան, որովհետեւ մէկ տարիով կախակայուեցաւ:
Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը 30 սեպտեմբերին Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) իր գումարած ժողովին որոշեց, որ խթանիչ դեղեր գործածած մարզիկներու պատկանած շարք մը երկիրներ, որոնց կարգին` Հայաստանը, կախակայուին:
Մէկ տարիով կախակայուած երկիրներուն կարգին են նաեւ Ռուսիա, Չինաստան, Պիելոռուսիա, Ղազախստան, Ուքրանիա, Մոլտովա, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան:



