10-19 յունիսին Մետելինի մէջ (Քոլոմպիա) տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու միջցամաքամասային ճատրակի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 256 ճատրակ խաղացողներ:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայ կրանտմասթըր Սամուէլ Սեւեան:
Առաւելագոյն 11 կէտէն 8,5 կէտ ապահովելով` Սեւեան հանդիսացաւ այս ախոյեանութեան տիտղոսակիրը:
Սեւեան այս ախոյեանութեան տիրացած էր նաեւ այն ժամանակ, երբ 13 տարեկան էր կը յայտնէ հայկական Chess.am կայքը:



