
Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջցամաքամասային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Գերմանիա կատարեց իր առաջին մրցումը, երբ մրցեցաւ Աւստրալիոյ դէմ:
Գերմանիա, որ այս մրցաշարքին կը մասնակցի իր երկրորդ խումբով, քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:
Գերմանիոյ կոլերը նշանակեցին Լարս Սթինտըլ (5-րդ), Ժուլիան Տրեքսլըր (45-րդ` փենալթիով) եւ Լէոն Կորեթցքա (48-րդ):
Աւստրալիա իր կոլերը նշանակեց 41-րդ եւ 56-րդ վայրկեաններուն:
Ցարդ տեղի ունեցած չորս մրցումներուն, երեք կազմեր միայն` Ռուսիա, Չիլի եւ Գերմանիա, յաղթանակներ արձանագրած են:
Այսօր` երեքշաբթի, որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:
Վաղը, ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Ռուսիա կը մրցի Փորթուգալի դէմ, իսկ ժամը 21:00-ին Մեքսիքա` Նոր Զելանտայի դէմ (երկուքն ալ` Ա. խմբակ):


