Ուրբաթ, 26 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ «Վանայ ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցաւ մայրենի լեզուի իմացութեան, պահպանման եւ զարգացման սատարող 7 տարեկան դարձած «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը պատրաստող եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան նշեց, որ հայ ազգը այսօր կը գոյատեւէ շնորհիւ իր լեզուին, գիրին ու գրականութեան եւ ընդհանրապէս` հայ մշակոյթին, որոնք հայուն ինքնութիւնը կը կերտեն, կը պահեն ու կը զարգացնեն: Ան շեշտեց, որ բոլոր ժամանակներէն աւելի պէտք է կարեւորել հայ մարդուն պատրաստութիւն եւ այդ պատրաստութեան հնոցը եղող կառոյցները, որպէսզի հայ ազգի ապագան յուսալից ըլլայ: Հ. Փափազեան-Էմմիեան յայտնեց, որ այս սրբազան գործը վստահուած է հայկական վարժարանին եւ մասնաւորաբար հայ ուսուցիչին, որուն առաքելութիւնը ամէն օր կը դառնայ կենսական ու դժուար, դիտել տալով, որ «Վանայ ձայն» կայանը քաջ գիտնալով այս իրականութիւնը` կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ իր սփռած յայտագիրներուն միջոցով իր ներդրումը ունենալ այս առաքելութեան յաջողութեան ապահովման մէջ:
Իր խօսքին մէջ Հ. Փափազեան-Էմմիեան յայտնեց, որ 2017-ին «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրին իրենց մասնակցութինը բերած են 17 վարժարաններէ 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու 43 աշակերտներ: Յայտագիրը ընթացք առած է 4 ապրիլ 2017-ին, երկու փուլով: 8-րդ դասարանէն միայն մէկ աշակերտուհի անցած է 2-րդ փուլ, որ մրցակից չունենալով` ինքնաբերաբար դարձած է մրցանակակիր:
Ան մտահոգութիւն յայտնեց այն մասին, որ այս տարի շատ քիչ թիւով աշակերտներ անցած են երկրորդ փուլ` աւելցնելով, որ ընկերային ցանցերու կլանումին զուգահեռ, վտանգաւոր է այն, որ ծնողները ընթերցանութիւնը չեն քաջալերեր, ինչպէս նախապէս կ՛ընէին, նաեւ աշակերտները ո՛չ միայն արտայայտուելու դժուարութիւն ունին, այլ նաեւ` մայրենի լեզուի պահպանման կարեւորութեան գիտակցութեան պակաս:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս յայտագիրին վերահսկեց Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն, լեզուաբան, հայագէտ Յովիկ Պերթիզլեան: Ան դիտել տուաւ, թէ որքա՛ն մարդ մասնագիտանայ եւ խորանայ հայոց լեզուին մէջ, այնքան կը սքանչանայ եւ կը հարստանայ իր մայրենիով: Ան բարձր գնահատեց յայտագիրը եւ ուրախութիւն յայտնեց ի տես հայ աշակերտներուն` լեզուի կառչածութեան, որ նոր յոյս կը ներշնչէ եւ կը հաստատէ, որ հայոց լեզուի ապագան լաւ ձեռքերու մէջ է:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցումին աւարտական փուլը: 6-րդ դասարանէն մրցանակակիր դարձաւ Միրէյ Ժըմմօ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, 7-րդ դասարանէն Նարէ Գարամանուկեան` Հայ աւետարանական քոլեճէն, իսկ 8-րդ դասարանէն Սթեֆանի Կիրակոսեան` ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յովակիմեան վարժարանէն: Երկրորդ հանդիսացան 6-րդ դասարանէն Աքասիա Ազատեան` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանէն, իսկ 7-րդ դասարանէն Վառակ-Նարեկ Մանուկեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն:
Խօսք առաւ «Վանայ ձայն»-ի յայտագիրներու տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ ըսաւ, թէ ներկայ կացութեան մէջ հայոց լեզուն եւ ուրիշ լեզուներ կը նահանջեն, ինչ որ էական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ եթէ մեր եւ մեր երեխաներուն լեզուն սահմանափակուի ընթացիկ յարաբերութիւններու համար գործածուող խոհանոցային հայերէնով մը, այդ պատճառ կը դառնայ, որ մտածողութիւնը, գաղափար արտայայտելը, հարցեր ուսումնասիրելը աղքատանան, որովհետեւ երբ բառամթերքը խեղճ է, մտածողութիւնն ալ խեղճ կը դառնայ, որովհետեւ մտածողութիւնը բառով կ՛արտայայտուի: Ան ըսաւ. «Եթէ աղքատ բառամթերք ունենանք, չենք կրնար մտածողութեան բոլոր նրբութիւնները արտայայտել, հետեւաբար լեզուի ուսուցումը չափազանց կարեւոր է»: Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ան շեշտեց ընթերցանութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ ճիշդ ուղղագրութիւն գիտնալու համար, բացի քերականութիւն գիտնալէ, նաեւ տեսողական յիշողութիւնը էական նշանակութիւն ունի:
Ան թելադրեց բոլորին, որ իրենց զաւակները մղեն լաւ գրականութիւն կարդալու, որպէսզի թէ՛ անոնց մտածողութիւնը զարգանայ, թէ՛ հոգին ազնուանայ եւ թէ՛ ուղղագրութեան համար բառային յիշողութիւնը ամրապնդուի:
Նոյն առիթով խօսք առաւ նաեւ Մարաշի հայրենակցական միութեան ատենապետ Ժան Մոմճեան: Ան ըսաւ, որ «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը կը միտի հայ աշակերտներուն մէջ անաղարտ պահել մայրենի լեզուն եւ սատարել անոր բիւրեղացման: Ժան Մոմճեան յայտնեց, որ այս տարի միութեան վարչութիւնը փափաքած է անպայման հովանաւորել «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը` մշակութային մարզին մէջ բերելով իր ներդրումը: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութեան, յայտագիրի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեանին, ինչպէս նաեւ` դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմերուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Իւրաքանչիւր առաջին հանդիսացող ստացաւ 350 հազար լիբ. ոսկի, իսկ 2-րդ հանդիսացող աշակերտները` 225 հազար լիբ. ոսկի:




