Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեոն»-ը` Երիտասարդական Շունչ Ներարկող

May 27, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» երիտասարդական թատերախումբը իր երիտասարդ մարդուժով շուրջ մէկուկէս ժամուան տեւողութեամբ բեմ կը բարձրացնէ Հրայր Գալեմքէրեանի «Լեոն»-ը` իր հոգեկան տագնապներուն տարբեր դրսեւորումներով, եւ հանդիսատեսը կը ձգէ խնդուքին ետին գտնուող տարբեր հարցադրումներու մէջ:

Երբ առաջին պատկերով երկու փորձարկուներ (Վարդան Մկրտիչեանն ու Սէրուժ Յովսէփեան) կը ձեռնարկեն մուտք գործել Լեոնին (Շահէն Արապողլեան) ուղեղին մէջ եւ դուրս հանել անոր մէջ թաքնուած զանազան կերպարները, բեմը կը վերածուի Լեոնին ներաշխարհին: Պարզ բեմայարդարման մէջ կը տեսնենք տախտակամած մը, որուն ետեւէն կը յայտնուին դերասանները եւ մերթ ընդ մերթ, իւրաքանչիւր անձնաւորութեան հետ, երեւան կ՛ելլեն Լեոնին հոգեկան կացութիւնները, որոնք, թէեւ կատակերգական ձեւով կը թարգմանուին թատրերգութեան տողերուն մէջ, սակայն իսկութեան մէջ խորիմաստ են: Այս փորձարկութեան մէջ սուզուած, Լեոն ինքզինք կը վերածէ ուսուցիչի մը եւ կ՛ուղղուի Քիւլիենչիքով գիւղ, որուն բնակիչները երկու հարիւր տարիէ ի վեր անիծուած են եւ կը տառապին անխելքութենէ: Լեոն այս գիւղին մէջ կ՛ունենայ միայն մէկ առաքելութիւն` դաստիարակել գիւղին  բժիշկին աղջիկը` Սոֆիան: Այս առաքելութեան յաջողութեան պարագային պիտի փրկուին անխելքութեամբ անիծուած գիւղին բնակիչները:

Թատրոնին մէջ հիմնականօրէն կը զարգանայ սիրոյ պատմութիւն մը Լեոնի եւ Սոֆիայի (Հերմինէ Նիւրբեթլեան) միջեւ, ինչ որ սակայն բնաւ չի ծածկեր նիւթին մէջ արծարծուած զանազան ընկերային հարցեր: Փաստօրէն այս պատմութեան մէջէն մենք կը լսենք իրական կեանքի «դժբախտութիւններէ» ծիծաղելի պատառիկներ, օրինակ`  Սոֆիային ծնողքը (Անժելինա Սարգիսեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան), կը խրատեն Սոֆիան` պսակուիլ, որպէսզի ան ըլլայ հարուստ ու խելացի. Սոֆիայի մայրը կը պնդէ, որ ատոնք աւելի լաւ են, քան երջանկութիւնը: Այլ հետաքրքրական անդրադարձ կը կատարուի կրթական համակարգին, երբ Լեոն` յուսահատ Սոֆիայի ընթացքէն, կը նշէ, թէ իր գործը որպէս ուսուցիչ կրթել է եւ ոչ թէ հետաքրքրութիւն յառաջացնել, մինչ Սոֆիա կը կեդրոնանար իր անձնական հետաքրքրութիւններուն վրայ: Ամէնէն ազդեցիկ խօսքը հաւանաբար այն խօսքն էր, ուր Լեոն Սոֆիային կը բացատրէ, թէ ան իր կարողութիւններուն չի գիտակցիր, քանի որ ծնած օրէն ի վեր զինք համոզած են, թէ ան անխելք է:

Լեոն¬Սոֆիա, Լենիա-բժիշկ Զիւպրիցքի (Սոֆիայի ծնողք) զոյգերուն կողքին բեմին վրայ յատկանշական ներկայութիւն է այլ զոյգ մը` Կոմս Կրէկոր (Կարօ Անտոնեան) եւ Սնէթցքի (Սէրուժ Յովսէփեան): Կոմս Կրէկոր բեմ կը բարձրանայ մարմնաւորելու Սոֆիայի ամուսնութեան թեկնածուն եւ այն կերպարը, որ ջանք կը թափէ խանգարելու Լեոնի ծրագիրը: Կոմս Կրէկորի եւ Սնէթցքիի ներդաշնակութիւնը բեմին վրայ կը թարգմանուի զանազան պատկերներու մէջ, ինչպէս օրինակ Սոֆիայի ամուսնութեան առաջարկի պատկերին մէջ, երբ կոմս Կրէկոր եւ Սնէթցքի կը մեկնաբանեն յատուկ երգ մը, եւ Լեոն-Կոմս Կրէկոր երկխօսութիւններուն մէջ, ուր յստակօրէն կը տեսնենք երկու ուժերու պայքարը: Լեոնին միւս կերպարները` Ենչնան (Կարին Տէմիրճեան), նամակաբաշխ Միշկինը (Էթիէն Սիւքիւնեան) եւ Մսավաճառ Սլովիչը (Անդօ Ղազարեան) նոյնքան իրական են, որքան վերոնշեալ կերպարները` իրենց խելացի դարձուածքներով եւ Լեոնին գիտակցութիւնը շարժելուն մէջ:

Բեմին վրայ կ՛երեւին նաեւ շուքերու խաղ եւ տողատակի թարգմանութիւններ:

«Լեոն»-ի ելոյթները կը շարունակուին այսօր եւ վաղը, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին:

 

Նախորդը

Անկախութեան Պատկանելիութիւնը Ազգային Ինքնութիւն Կը Յայտնաբերէ

Յաջորդը

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք. Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.