Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդ Միութեան 90-ամեակին Առիթով

May 11, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան հիմնադիրները

Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւնը (ՊՀԵԵ միութիւն) Սփիւռքահայ հնագոյն կազմակերպութիւններէն մին է:

Այսօր անիկա արդէն 90 տարեկան երիտասարդն է: Հակառակ անոր որ երկրին մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն բերումով ենթակայ է բազում դժուարութիւններու, սակայն տակաւին պատնէշին վրայ կանգուն կը մնայ:

Մեր ազգային ինքնութեան պահպանման նպաստող ամէնէն կարեւոր նախաձեռնութիւնն էր այս, որ իրականացաւ յետեղեռնեան Իրաքի մէջ կայք հաստատած գաղափարապաշտ հայորդիներու անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ:

Հարուստ պատմութիւն ունեցող միութիւն մըն է անիկա, որ 90 տարիներու ընթացքին եղաւ տիրական դէմքը իրաքահայ պատմութեան մէջ` նպատակ ունենալով «Սատարել իր անդամներուն եւ հայ հասարակութեան մտաւոր, մշակութային, բարոյական եւ ֆիզիքական զարգացման», ինչպէս իր կանոնագիր-ծրագիրը կ՛ըսէ: Անիկա անշեղօրէն այդ նպատակները կրցաւ իրականացնել իր անդամներու անսակարկ նուիրումով, տարիներու յամառ ճիգերով ու տքնաջան աշխատանքով:

1926-ին, երբ կը հիմնուէր ՊՀԵԵ միութիւնը, ամբողջ Իրաքի տարածքին գործող հայկական ոչ մէկ պաշտօնական միութիւն կար: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը Իրաքի մէջ ունէր գործող մասնաճիւղ մը, որ միայն բարեսիրական գործունէութիւն կը ծաւալէր: Կար նաեւ թատերասիրացի խումբը, որուն անդամները առաջին իսկ օրէն միացան նորակազմ երիտասարդաց միութեան:

Ներկայ կազմը

Երիտասարդացը եղաւ մշակութային, ընկերային եւ մարզական կազմակերպութիւն մը, որ երկար ժամանակ առանձինն գործեց, մինչեւ որ գաղութը աւելի զարգանալով` յաջորդաբար կազմուեցան բարեսիրական, մարզական եւ այլ տեսակի միութիւններ: Սակայն անիկա իւրայատուկ իր դերով մնաց ու տակաւին կը մնայ կեդրոնական կազմակերպութիւնը Իրաքի մէջ: Իր ծաւալուն գործունէութեամբ մեծ բարիք մը եղաւ իրաքահայ կեանքէն ներս:

Միութիւնը եղաւ ամէնէն կարեւոր մշակութային կեդրոնը` երիտասարդութիւնը խանդավառող եւ հայ հասարակութիւնը ազգային ոգիով ներշնչող:

Բեղուն մարզական գործունէութեան կողքին, անիկա ունեցած է թատերախումբեր, երգչախումբեր եւ պարախումբեր: Առանց անոր թատերախումբերուն ու ներկայացուցած բազմաթիւ թատրերգութիւններուն` իրաքահայ թատերական պատմութիւնը չափազանց աղքատ պիտի ըլլար:

Կարապետ Քիշմիշեանի կազմած քառաձայն երգչախումբը, 1957-ին, միանալով միութեան, նոր թափ ստացան թէ՛ միութիւնը եւ թէ, նորակազմ խումբը. հարստանալով` նոր խանդավառութիւն մը ստեղծեցին: Երգչախումբը 50 տարի շարունակ հայ երգը սիրցնողը, դաստիարակողը եւ տարածողը եղաւ: Դժբախտաբար վերջին 10 տարիներուն, անիկա արդէն դադրած է:

Կազմակերպուած են բազմաթիւ գրական-գեղարուեստական երեկոներ, դասախօսութիւններու շարքեր, վիճաբանական երեկոներ, գիտական համագումարներ, հայ ուսանողներու մասնաւոր դասընթացքներ, մանուկներու հաւաքներ, կիներու եւ օրիորդներու կարի եւ ձեւագիտութեան, ձեռագործութեան դասընթացքներ ու ընկերային զանազան ձեռնարկներ: Իրագործուած են նաեւ հայ համալսարականներու շաբաթական հաւաքներ ու տարեկան մեծ երեկոյ` նուիրուած շրջանաւարտներուն:

Մասնաւորաբար երիտասարդները համախմբելու նպատակով կազմակերպուած են տարբեր տեսակի  ձեռնարկներ, որոնց կարգին` գրական խմբակներ: 1970-ական թուակններուն կազմուեցաւ գրական խմբակներու վերջինը, որ բաւական աշխուժ գործունէութիւն ունեցաւ: Խմբակը վերածուեցաւ պատմական յանձնախումբի, որ հայոց պատմութեան դասընթացքներ կազմակերպեց. երիտասարդներու համախմբում մը, որ իր շուրջ հաւաքած էր տասնեակներով երիտասարդներ:

Այս բոլորին կողքին, միութիւնը կազմակերպած է բարեսիրական ձեռնարկներ: «Կոմիտաս» երգչախումբի երգահանդէսներէն գոյացած հասոյթները եւ տարեկան պարահանդէսներէն մասնաւոր բաժին մը մինչեւ 1972 տրամադրուած են Ազգային վարժարանին եւ հայ չքաւորներուն:

Ազունիէի հիւանդանոցին ի նպաստ տարեկան պարահանդէսները շարունակուած են մինչեւ 1970-ական թուականները:

Միութեան հիմնադիրները եղած են` Արամ Տիւզեան, Գարեգին Սահակեան, Արտաշէս Մկրտիչեան, Յովհաննէս Ս. Յովհաննէսեան, Յովհաննէս Մ. Յովհաննէսեան եւ Խիկար Մովսէսեան: Իր առաջին հիմնադիր ժողովին մասնակցած են Պաղտատի մէջ օրուան բոլոր ծանօթ մտաւորականները` առանց բացառութեան:

Միութիւնը ունի իր սեփական մեծ կեդրոնը` թատերասրահով, ժողովասրահով, ճոխ գրադարանով, ճաշարանով, լողաւազանով եւ մեծ պարտէզով: Հայկական կեդրոն մը, ուր սփիւռքէն եւ Հայաստանէն այցելած բոլոր մտաւորականները հիւրընկալուած ու ելոյթներ ունեցած են` խանդավառելով մեր հասարակութիւնը:

Յայտնի պատճառներով, դժբախտաբար, այսօր անցեալի եռուզեռն ու մթնոլորտը չկան, բայց միութիւնը կը գործէ մեծ դժուարութիւններով. կեդրոնը միշտ բաց է, եւ օրուան պատասխանատուները, ի գին մեծ զոհողութիւններու, կ՛աշխատին ներկայ պայմաններուն ու իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ գործել:

Անկասկած, առանց երիտասարդացի գոյութեան,  իրաքահայ պատմութիւնը մեծ բաց մը պիտի ունենար:

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Կը Պահանջենք

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.