Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Միւֆթի Մալեք Շաարի

March 20, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանի, Թրիփոլիի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւոր հովիւին, այցելեց Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ հիւսիսային Լիբանանի տարբեր շրջաններու միւֆթիներ եւ պատասխանատու հոգեւորականներ:

Հանդիպումին ընթացքին առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Ազգային Նուպարեան վարժարան իրենց կատարած այցելութեան առիթով այցելած են նաեւ միւֆթի Շաարին, որուն հետ բարեկամութիւն հաստատուած է եւ որ քաղաքին հիմնական հեղինակութիւններէն կը նկատուի:

«Թրիփոլիի հայութիւնը կը նկատէ, որ միւֆթի Շաար մնայուն կերպով զօրակցած է ու կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ իրեն», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը:

Շահէ եպս. Փանոսեան շեշտեց, որ Թրիփոլիի հայկական վարժարանը կրթական իր առաքելութեամբ բոլորին կը նպաստէ` ուսում ջամբելով անոնց, ինչպէս նաեւ տարածելով սիրոյ, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան պատգամները:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց միւֆթի Շաարին, որ միշտ մասնակից կը դառնայ Թրիփոլիի հայութեան տարբեր ձեռնարկներուն:

Առաջնորդ սրբազանը յաջողութեամբ լեցուն տարի մը մաղթեց բոլորին` յոյս յայտնելով, որ սիրոյ, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը շեշտող այս հանդիպումները շարունակուին ու յաճախակի դառնան:

Իր կարգին, միւֆթի Շաար փառք տուաւ Աստուծոյ Լիբանանի վայելած ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանան հայրենիքի բոլոր զաւակներուն, յատկապէս հոգեւոր պետերուն հետ իրենց ունեցած համերաշխութեան համար:

«Կ՛ողջունեմ իմ եղբօրս` Շահէ եպս. Փանոսեանի այցելութիւնը եւ կը հաստատեմ, որ ան իր տունը կ՛այցելէ: Հոգեւոր հեղինակութիւններու այս հանդիպումները ողջունելի են, որովհետեւ անոնք միացեալ կարգախօսներով է, որ կը հաղորդակցին, սիրոյ եւ միասնականութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը կը շեշտեն, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծեն քաղաքացիին եւ Լիբանանի գերագոյն շահերուն ծառայելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ միւֆթի Շաար:

Շաար բարձր գնահատեց Թրիփոլիի հայկական վարժարանին առաքելութիւնը` հաստատելով, որ ան իր կրթական առաքելութեամբ բոլորին կը նպաստէ:

Միւֆթի Շաար կոչ ուղղեց ազգային միասնականութիւնը ամուր պահելու` շեշտելով, որ հայութիւնը Լիբանանի կառուցուածքին հիմնասիւներէն է:

Յայտնենք, որ երէկ կէսօրին, կազմակերպութեամբ Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան վարժարանին եւ նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազանին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը` ի նպաստ Թրիփոլիի Ազգային վարժարանին:

Ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, կրօնաւորներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Մանրամասնութիւնները` մեր վաղուան թիւով:

 

Նախորդը

«Ազդակ» Ստացաւ Արխիւային Արժէք Ունեցող 38 Լուսանկարներ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է Միջին Արեւելքին Մէջ Միջքրիստոնէական Գործակցութեան Նոր Ծաւալ Տալ` Միասնաբար Դիմագրաւելու Նոր Ժամանակներու Տագնապները»

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.