Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Կիներու Կատարեալ Ազատագրութիւն

March 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Կինը, կամ աւելի ճիշդը` իգական սեռը, դարերու ընթացքին եղած է ամէնէն հալածուած եւ ստրկացուած սեռը, բոլոր մարզերուն մէջ` ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային: Հայրիշխանութիւնը քաղցկեղի նման մուտք գործեց հասարակական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, պատճառ դարձաւ անոնց փտածութեան եւ զանոնք վերածեց կիներու ստրկացման մէկական միջոցի: Հայրիշխանութիւնը օգտագործեց ամէն  միջոց չարիքը նոյնացնելու իգական սեռին հետ: Բայց այդ ամբողջը ինչպէ՞ս կրցաւ իբրեւ ահաւոր համակարգ մուտք գործել մարդկութեան պատմութեան մէջ:

Կիներու Ընկերային-Տնտեսական
Կարգավիճակը` Պատմութեան Ընթացքին

Նախապատմական շրջանին, ընկերային-տնտեսական համայնական դրութեան ներքեւ, գոյութիւն չունէր սեռային անհաւասարութիւն: Կինը, տղամարդու կողքին, կ՛ուտէր, կը խմէր եւ կը վայելէր կեանքի բոլոր բարիքները` առանց որեւէ խտրութեան: Սակայն, սեռային խտրականութեան առումով կացութիւնը 180 աստիճան փոխուեցաւ քաղաքակրթական կանուխ ժամանակաշրջաններէն սկսեալ, երբ ծնունդ առաւ հողային եւ անհատական սեփականատիրութեան հարցը: Այստեղ տղամարդը իր ֆիզիքական ուժը օգտագործեց բացասականօրէն եւ կեանքի բարիքները կեդրոնացուց իր ձեռքը: Քաղաքակրթութեան զարգացման հետ զուգահեռաբար զարգացան տնտեսութիւնն ու քաղաքականութիւնը: Արդէն տղամարդը սեփականացուցած էր աշխարհի մէջ գտնուող գրեթէ բոլոր հողերն ու կալուածները, եւ կառավարութիւնը (իբրեւ պետական հաստատութիւն) օրինականացուցած էր հայրիշխանութիւնը` իգական սեռի ներկայացուցիչները դարձնելով իրենց հօր, եղբօր կամ ամուսնոյն ստրուկները: Արգիլուեցաւ կիներու մուտքը քաղաքական, ռազմական եւ գիտական մարզերուն մէջ: Օրինականացման գործընթացը տեղի ունեցաւ հին աշխարհի բոլոր պետութիւններուն մէջ, ինչպէս` հռոմէական, հելլենական, պարսկական եւ այլ:

Միջնադարեան աւատապետութիւնը աւելի խստացուց խտրականութիւնը: Համակարգը դարձաւ իգական սեռի թշնամին` իր կանոններով, օրէնքներով եւ քաղաքականութեամբ`  պատժական խիստ տնօրինումներ որդեգրելով բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը խախտեն հաստատուած իրավիճակը: Աւատապետութիւնը կիներուն համար իբրեւ ասպարէզ լաւագոյն տեղը գտաւ խոհանոցը, եւ միշտ ալ անոնց լաւագոյն օրինակը տեսաւ այն կիներուն մէջ, որոնք կը հնազանդին տղամարդոց:

Աւատապետութեան յաջորդեց ժամանակակից արդիւնաբերութիւնը, որուն հետ ծնաւ դրամատիրութիւնը, որ կիները տեսաւ իբրեւ սպառողական շահագործման միջոցներ: Զանոնք ստրկացուց գործարաններուն մէջ:

Գերմանացի ընկերվարական եւ մարքսական տեսաբան Օկիւսթ Պեպելի հետեւեալ խօսքով կ՛եզրակացնէ պատմութեան ամբողջ ընթացքին կիներու ընկերային-տնտեսական իրավիճակը. «Ընկերային ամբողջ կախեալութեան եւ ճնշուածութեան արմատները կը գտնուին ճնշողին կողմէ ճնշուողին տնտեսական կախեալութեան մէջ: Կիները (ինչպէս գիտենք մարդկային զարգացման պատմութենէն) կանուխ ժամանակներէն այս կացութեան մէջ կը գտնուին»:

Կիներու Կարգավիճակը Այսօր

Կիներու ներկայ միջազգային ընկերային-տնտեսական կարգավիճակը ծնունդ առաւ լուսաւորութեան ժամանակաշրջանի սկզբունքներէն, ազատական միտքերով օժտուած ֆրանսական յեղափոխութենէն, ընկերվարական միտքերով օժտուած ռուսական յեղափոխութենէն եւ 1960-ականներու ձախակողմեան շարժումներէն: Յիշեալ դէպքերը բարելաւեցին կիներու թշուառ կեանքը, օրինականացուցին անոնց մուտքը աշխատանքի շուկայ, անոնց առիթ տուին ուսում ստանալու, ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք տուին եւ ազատեցին զանոնք բազմաթիւ կաշկանդումներէ: Բայց այս բոլորը չեն նշանակեր, որ կիները կատարելապէս ազատ են եւ ամբողջապէս հաւասար` տղամարդուն: Նայեցէ՛ք քաղաքական մարզին. գլխաւոր դէմքերը մեծամասնութեամբ տղամարդիկ են: Նայեցէ՛ք տնտեսական հաստատութիւններու տնօրէններուն. մեծամասնութեամբ տղամարդիկ են: Կ՛ուզէ՞ք ուրիշ օրինակներ, նայեցէ՛ք միջազգային բոլոր հաստատութիւններու վարչութիւններուն.  մեծամասնութեամբ տղամարդիկ են:

Եթէ ներկայացուցչական գետնի վրայ սեռային անհաւասարութիւն կը տիրէ, ուրեմն առօրեայ կեանքին մէջ` զրկանք. 21-րդ դարն ենք, եւ տակաւին այս երկրագունդին վրայ կան տեղեր, ուր աղջիկներուն արգիլուած է ուսում ստանալ, աշխատանքի շուկայ մուտք գործել, արդար աշխատավարձ ստանալ` բռնութեան արդարացումով եւ նոյնիսկ աւելի սարսափելի քայլերով, որոնք կը յանգեցնեն անոնք անձնական կարծիքի արտայայտութեան իրաւունքի ու ինքնավարութեան ոտնահարման: Ժամանակը հասած է կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ կիներու կատարեալ ազատագրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ անոնց եւ տղամարդոց միջեւ հաւասար կարելիութիւններու ապահումով:  Կիները իրաւունք ունին ազատ շունչ առնելու, եւ հազարաւոր տարիներէ ի վեր կազմուած ժանտ շղթան պէտք է փշրուի այլեւս:

 

Նախորդը

Շնորհաւո՛ր Ձեր Տօնը, Հա՛յ Մայրեր Եւ Քոյրեր

Յաջորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Առթիւ. Հայուհին Եւ «Մարտ 8»-ի Խորհուրդին Փոխանցած Մարտահրաւէրը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.