
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ աւարտած ՖԻՏԷ-ի կրան փրիի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան արձանագրեց ոչ համոզիչ արդիւնքներ:
Յաջորդական 8 հաւասարութիւններէ ետք, Արոնեան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանին պարտուեցաւ Տին Լիժենէն (Չինաստան) եւ գրաւեց 13-րդ եւ նախավերջին դիրքը` 8 կէտով:
Տին Լիժեն նոյնքան կէտ ապահովելով գրաւեց վերջին դիրքը:
5,5-ական կէտով 1-3-րդ դիրքերը բաժնեցին Մաքսիմ Վաշի-Լակրաւ, Շահրիար Մամետեարով եւ Ալեքսանտր Կրիսչուք:


