Spots.news.am կայքը կը հաղորդէ, որ «Ֆայթ նայթ կլոպըլ» ընկերութիւնը դադրեցուց Ռուսիան ներկայացնող խառն մենամարտերու մարզիկ Վարդան Ասատրեանի հետ իր համագործակցութիւնը:
Ընկերութեան յայտարարութեան համաձայն, հայ մարզիկին հետ պայմանագիրը խզուեցաւ` կնքուած համաձայնագիրին օրէնքները խախտելուն պատճառով:
Նշենք, որ Ասատրեան, յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի մրցակիցին, ցուցադրեց Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները, ինչ որ այդ ընկերութեան կողմէ նկատուեցաւ այլ ազգերու նկատմամբ անարգալից վարքի դրսեւորում:


