
Երէկ երեկոյեան Ուեմպլիի մարզադաշտը հիւրընկալեց Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին 85 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան իրարու դէմ ճակատեցան Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Սաութհեմփթըն:
Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` Եունայթըտ, տիրացաւ տիտղոսին, 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
Զլութան Իպրահիմովիչ, որ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (19-րդ), աւարտէն երեք վայրկեան առաջ նշանակեց Եունայթըտի յաղթանակի կոլը:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով բացակայեցաւ Եունայթըտի կազմէն:


