Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն»-ին Նախաձեռնած Հայոց Պատմութեան Մրցանակի Աւարտական Փուլ

February 21, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն»-ին, երրորդ տարին ըլլալով, շաբաթ, 18 փետրուար 2017-ին «Վանայ Ձայն»-ի յարկին տակ տեղի ունեցաւ 8-րդ դասարանի աշակերտներու յատուկ հայոց պատմութեան մրցանքի աւարտական փուլը, որուն ընթացքին առաջին հանդիսացաւ Ազգային Յառաջ- Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանը, իսկ 2-րդ` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը:

3 դեկտեմբեր 2016-ին ընթացք առած յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին 11 վարժարաններ` Վահան Թէքէեան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Ս. Խանամիրեան, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան եւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանները:

Յայտագիրը, որ կը պատրաստէ եւ կը վարէ Հուրի Փափազեան-Էմմիեանը, ընթացաւ երեք փուլով: Առաջին փուլին մրցեցան 11 վարժարաններ, երկրորդ հանգրուանին` 5 վարժարաններ, իսկ վերջին փուլին` 2 վարժարաններ:

Հայոց պատմութեան մրցանքին հիմք ծառայեց Է. դասարանի համար Արմէն Մարաշլեանի «Հայոց պատմութիւն» դասագիրքը:

«Վանայ Ձայն»-ը իր յայտագիրներուն ճամբով միշտ ալ փորձած է մրցակցութեան առողջ մթնոլորտի մէջ հայ աշակերտին մէջ արթնցնել յաւելեալ սէր ու յարգանք` իր մայրենի լեզուին ու պատմութեան նկատմամբ: Այս յայտագիրը կը ծառայէ այդ նպատակի իրագործման:

«Վանայ Ձայն»-ի յայտագիրներու տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան մրցանակաբաշխութենէն ետք խօսեցաւ պատմութեան կարեւորութեան մասին, յայտնելով, որ մարդու մը ազգային ինքնութիւնը կ’ամրապնդուի, երբ ան քաջածանօթ կը դառնայ իր ազգի պատմութեան: Ան նշեց, որ պատմութեան ընթացքին մենք ունեցած ենք պարտութիւններ, սակայն նաեւ` յաղթանակներ: Աւելցնելով, որ նոր սերունդը պիտի ըլլայ մեր ապագայ պատմութեան կերտիչը եւ անցեալի պատմութեան իմացութիւնը պիտի նպաստէ անոնց ճշգրիտ կողմնորոշման ու հաստատ հիմերու վրայ յառաջ ընթանալուն: «Ժողովուրդ մը ազգ կը դառնայ, այլ յատկանիշներու կարգին, նաեւ շնորհիւ իր հաւաքական անցեալին, տաք ու պաղ օրերուն ժողովուրդին ցոյց տուած հակազդեցութեան, անոր վերաբերումին մէջ պահուած ձգտումներուն, իղձերուն եւ նպատակներուն բացայայտումին», ըսաւ Ճինպաշեան:

Հաղորդավարը իր յայտագիրի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին եւ օժանդակեցին այս յայտագիրի յաջողութեան:

Յայտնենք, որ մրցանակակիր եռանդամ խմբակի իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ 200.000 լիբանանեան ոսկի, իսկ 2-րդ հանդիսացող աշակերտները` 100.000 լիբանանեան ոսկի:

Նախորդը

Պէյրութը Կը Մնայ Երեւանէն Ետք Հայ Գիրքի Երկրորդ Մեծագոյն Կեդրոնը

Յաջորդը

Ազգային Վարժարաններու Աշակերտական Վարդանանց Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.