Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բարելաւումը Կրնայ Շահաւէտ Ըլլալ Հայաստանի Համար

January 23, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անցեալ տարուան նոյեմբերին ամերիկացիները ընտրեցին նախագահի առաւել անհաւանական թեկնածուն` Տանըլտ Թրամփը: Ան ձեր պատկերացուցած քաղաքական գործիչը չէ: Իբրեւ յաջողակ եւ յայտնի գործարար` ան սովոր է յանպատրաստի ելոյթներ ունենալ եւ հաւանութիւն չտալ որեւէ յստակ ուղղութեան: Հաշուի առնելով Թրամփի նախագահութեան հակասական բնոյթը` կտրուկ փոփոխութիւններու կրնան ենթարկուիլ ներքին եւ արտաքին յարաբերութիւնները: Նախագահ Թրամփ արդէն վերանայած է իր դիրքորոշումը որոշ նախընտրական հիմնական խոստումներու վերաբերեալ. ապօրինի օտարերկրացիներու արտաքսում, Մեքսիքայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ պատի կառուցում եւ իսլամական երկիրներէ Միացեալ Նահանգներ ներգաղթեալներու այցելութիւններու արգիլում: Թրամփ փոխած է նաեւ իր դիրքորոշումը որոշ կարեւոր միջազգային հարցերու վերաբերեալ: Ինք եւս վստահ չէ, թէ ինչպիսի՛ դիրքորոշում կ՛ունենայ արտաքին քաղաքական շարք մը հարցերու վերաբերեալ:

Ահա միջազգային հիմնական որոշումներու համառօտ ցանկը, զոր Թրամփ պէտք է կայացնէ.

1.  Յարաբերութիւններու ամէնէն կարեւոր վերանայումը կ՛ըլլայ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ: Եթէ այս երկու մեծ երկիրները կարենան համաձայնութեան գալ, ապա աշխարհի կայունութիւնը վտանգող տարակարծութեան որեւէ պատճառ չի մնար: Ասկէ բացի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութիւնը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ: Միջազգային մեծ գործիչներէն շատեր, որոնք դէմ կ՛արտայայտուին Փութինի եւ Թրամփի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման հեռանկարին, նորէն կը վերադառնան Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի մտածելակերպին: Ամէնէն մեծ խնդիրը, որ ծագած է վերջին շաբաթներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն մէջ համացանցային յարձակման գծով Ռուսիոյ դէմ ուղղուած մեղադրանքն էր: Սակայն ռուսերը որեւէ արտասովոր բան չեն ըրած: Չինաստանը, Ռուսիան եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները միշտ ալ փորձած են գողնալ իրարու գաղտնիքները:

2. Թրամփ գործող միջազգային համաձայնագիրներու հետ կապուած իր դժգոհութեան պատճառով կը փափաքի կրկին բանակցութիւններ վարել Օպամայի վարչակազմին կողմէ նախապէս հաստատուած պայմաններու շուրջ: Առաւել կարեւոր փոփոխութիւններէն մէկը, զոր Թրամփ կը փափաքի կատարել, Իրանի հետ հիւլէական գործարքին շուրջ կրկին բանակցութիւններ վարելն է, բան մը, որ Իրանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն բացի, կը ներառէ նաեւ շարք մը այլ երկիրներ: Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօք իրանցիները կը համաձայնի՞ն Թրամփի կողմէ առաջարկուող փոփոխութիւններէն որեւէ մէկուն:

3. Թրամփի համար միւս կարեւոր վերանայումը արաբեւիսրայէլեան հակամարտութեան լուծումն է: Սակայն եթէ ան, իր ծրագիրներուն համաձայն կը պատրաստուի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն տեղափոխել Երուսաղէմ, ապա ատիկա կրնայ լուրջ բախում յառաջացնել Միացեալ Նահանգներու եւ արաբական երկիրներու միջեւ` յանգեցնելով խիստ անցանկալի հետեւանքներու:

4. Վերջին հարցը, որ կը ծառանայ նախագահ Թրամփի առջեւ, Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի միջեւ նոր յարաբերութիւններու բարելաւումն է: Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօք Քուպա կը համաձայնի՞ Թրամփի կողմէ առաջարկուող որեւէ փոփոխութեան:

Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ նախագահ Թրամփի գաղափարները կը բարելաւեն նախապէս կնքուած համաձայնագիրները, կամ թէ անոնք կ՛ընդունուին մնացեալ աշխարհի կողմէ: Հետեւաբար, շատ մեծ անորոշութիւն կայ, թէ ո՛ւր կ՛առաջնորդուի նոր աշխարհակարգը, եւ արդեօք կը բարելաւուի՞ն յարաբերութիւնները տարբեր երկիրներու միջեւ: Ամբողջ աշխարհ յոյս ունի, որ երկիրները աւելի լաւ յարաբերութիւններ կ՛ունենան իրարու հետ եւ խաղաղ լուծումներ կը գտնուին: Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դրական յարաբերութիւնները կ՛օգնեն Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լուծման:

Արեւելահայերէնի Թարգմանեց`
Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
Սեդա Գրիգորեան

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ – 18 –

Յաջորդը

Սուրիոյ Պատերազմ. Ասթանա` Աւարտին Սկի՞զբը, Թէ՞ Չաւարտող Սկիզբ Մը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.