Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանացի Պատմաբան Դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտի Հանդիպումը` Հայկական Մամուլի Ներկայացուցիչներուն Հետ

December 13, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

rolf_121016

Շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:45-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ կարճատեւ հանդիպում-զրոյց տեղի ունեցաւ պատմաբան դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտի եւ հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած սեմինարին յաջորդ օրը: Սեմինարի գլխաւոր նիւթն էր` «Ոճրագործութիւնը Ընդդէմ Ցեղասպանութեան եւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջանները. Քաղուած դասեր կանխարգիլելու եւ պաշտպանուելու համար»: Սոյն սեմինարը տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան համաշխարհային օրուան առիթով, որ կը զուգադիպի 9 դեկտեմբերին: Դոկտ. Հոսֆելտ գլխաւոր դասախօսն էր սոյն սեմինարին:

Գերմանացի պատմաբան դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտ Գերմանիոյ Փոթստամ շրջանի Լեփսիուսի տան ակադեմիայի տնօրէնն է: Փոթստամի Լեփսիուսի տունը Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն մըն է: Դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտ գրած է նաեւ պատմագիտական հատոր մը Հայոց ցեղասպանութեան մասին, 2005 թուականին:

Դոկտ. Հոսֆելտ հանդիպման ընթացքին ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ սեմինարի գլխաւոր օրակարգին, մասնաւորաբար իր նիւթին, որ Հայոց ցեղասպանութիւնն էր,  որմէ ետք պատախանեց հայ լրագրողներու հարցումներուն: Ան յայտնեց, թէ սեմինարի ներկաներէն շատեր միջազգային օրէնքի մասնագէտներ էին, որոնք ո՛չ միայն օրէնսգիտական հարցումներ հարցուցին, այլ նաեւ անդրադարձան կանխարգիլման միջոցներուն: Ան շեշտեց, որ սեմինարին խօսուեցաւ ո՛չ միայն անցեալի յիշողութիւններուն մասին, այլեւ ապագան տեսնելու գրաւականին մասին: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան` ան ըսաւ, թէ այդ ի՛նք էր, որ ներկայացուց Ցեղասպանութիւնը` տալով պատմականը, թէ ի՛նչ պատահեցաւ այդ ժամանակաշրջանին, եւ թէ ի՛նչ կը ներկայացնէր ան Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ, ըլլալով քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, որուն հետեւեցան զանազան այլ ցեղասպանութիւններ: Ան ըսաւ, թէ նախապէս Եւրոպան Հայոց ցեղասպանութիւնը կը նկատէր մասնիկ մը Եւրոպայի պատմութենէն, սակայն այժմ` վերջին տասը տարիներուն այդ հայեացքը փոխուած է:

 

Նախորդը

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ 50-Ամեակի Նշում

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պաշտօնական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Թեհրան

RelatedPosts

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Վենեզուելայի Եւ Յունաստանի Դեսպանները
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վենեզուելայի Եւ Յունաստանի Դեսպանները

September 24, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լեռը` Անսասան Կամքի Ու Ազգային Միասնութեան Խորհրդանիշ

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.