
Երէկ Երեւանի մէջ աւարտեցան Եւրոպայի 2017-ի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Է. խմբակի մրցումները:
Հայաստանի հաւաքականը զտումի այս մրցումները աւարտեց քիչ մը ծանր պարտութեամբ, երբ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ 4-0 արդիւնքով տեղի տուաւ Հունգարիոյ դիմաց:
Նշենք, որ պարտութիւնը Հայաստանի համար եղաւ յաջորդական երրորդը:
7 կէտով խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւեց Իտալիա, ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Հունգարիա (6 կէտ) եւ Զուիցերիա (4 կէտ):


