
Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Պարի – Փրօ Վերչելի մրցումին, որ աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Պարիի յաղթանակով (2-0), հետաքրքրական դէպք մը տեղի ունեցած է:
Թէեւ մրցումին ներկայ էին 14 հազար հանդիսատեսներ, սակայն անոնցմէ միայն մէկը Փրօ Վերչելիի համակիր էր:
Կիսախաղի դադարին, Պարիի համակիրները գարեջուր հիւրասիրեցին իրենց հիւրին, որ ամբողջ մրցումին առանձինը մնացած էր:


