
Իտալական Ինթեր Միլան ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ նախորդ օգոստոսին ակումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնած հոլանտացի Ֆրանք տը Պէօր պաշտօնանկ եղած է:
Այս տարեշրջանին «Քալչիօ»-ի 11 մրցումի ընթացքին Ինթեր յաղթեց 4 անգամ, հաւասարութիւն արձանագրեց 2 անգամ, մինչ կրեց 5 պարտութիւն:
Կը նշուի, որ Քրոթոնէի դէմ Ինթերի կատարելիք յաջորդ մրցումին, մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները պիտի կատարէ Շթեֆանօ Վեքի:
Իսկ «Լա Կազզեթա տելլօ սփորթ» կը յայտնէ, որ յառաջիկային Տը Պէօրի պաշտօնը պիտի վստահուի Շթեֆանօ Փիոլիի:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Տը Պէօր իր պաշտօնէն հեռացուելուն համար իբրեւ փոխհատուցում պիտի ստանայ 1,5 միլիոն եւրօ:


