Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախաձեռնութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ հիւրընկալութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը:
Վեհաժողովին ներկայ գտնուեցան Լիբանանը բաղկացնող 17 համայնքներուն հոգեւոր պետերը, որոնց կարգին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը եւ Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեան:
Վեհաժողովին ընթացքին վեհափառը խօսք առնելով ընդգծեց երեք կարեւոր կէտեր.-
ա) Ան ըսաւ, որ հոգեւոր պետերու հանդիպումը, անկախ իրենց քննարկած նիւթերէն ու կատարած յայտարարութենէն, ինքնին դրական արտայայտութիւն մըն է իսլամ ու քրիստոնեայ համակեցութիւնը քաջալերող:
բ) Վեհափառը շեշտեց, որ առաւելագոյն չափով պէտք է հեռու մնալ քաղաքական բնոյթ ունեցող ու համայնքներուն միջեւ տարակարծութիւն յառաջացնող հարցերէ` շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը ամրապնդող սկզբունքներն ու արժէքները:
գ) Վեհափառը յիշեցուց ժողովականներուն, թէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութիւնը կը գտնուի լուրջ մտահոգութիւններու ու մարտահրաւէրներու դիմաց: Անհրաժեշտ է, որ բարեկարգութեան ընթացքի մէջ գտնուող Միջին Արեւելքի մէջ լիարժէք կերպով յարգուին քրիստոնեայ համայնքներուն իրաւունքները: Հետեւաբար, նման պահանջ մը կը դառնայ աւելի ազդու, երբ Տար Ֆաթուայի իսլամական կեդրոնէն իր արտայայտութիւնը գտնէ:


