
«Ֆորպզ»-ի հրապարակած` 30 տարեկանէն վար ամէնէն հարուստ մարզիկներուն ցանկին պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի:
29 տարեկան Մեսսիի տարեկան եկամուտը կը կազմէ շուրջ 73,7 միլիոն եւրօ: Երկրորդ դիրքին վրայ է Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի պասքեթպոլիստ Քեւին Տիւրընթ (50,8 միլիոն եւրօ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ (50,5 միլիոն եւրօ):


