
«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ Հալէպի մէջ կիրակի, 16 հոկտեմբերին կրկին ռմբակոծուեցան զանազան շրջաններ, յատկապէս Սէյիտ Ալի եւ Համիտիէ, Սուլէյմանիէ եւ Թելեֆոն Հաուայի:
Սուրիական բանակը զանազան ճակատներու վրայ, յատկապէս հին Հալէպի մէջ բախումներ կ՛ունենայ զինեալ խմբաւորումներու հետ: Կէսօրուան ժամերուն հին Հալէպի մէջ ստորգետնեայ պայթումի մը պատճառով բնակչութիւնը ցնցում ապրեցաւ:
Այսուհանդերձ Հալէպի մէջ կեանքը անդամալոյծ վիճակ չի պարզեր:
16 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հովանաւորութեամբ ՀԵԸ-ի Գործադիր մարմինին, կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի «Արամ Խաչատուրեան» երաժշտանոցի յանձնախումբին, ՀԲԸՄ-ի «Գ. Յ. Նազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական համերգ` նուիրուած Կոմիտասի անուան սենեկային նուագախումբի 10-ամեակին:


