Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Ժապաւէնի Միջազգային Փառատօնը Հասաւ Իր Աւարտին

October 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

dsc_2598

16-րդ տարին ըլլալով Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի ժապաւէնի միջազգային փառատօնը, որ ընթացաւ հոկտեմբեր 5-էն 13, եւ երէկ հասաւ իր աւարտին` մրցանակաբաշխութեամբ եւ «The First Monday in May» (Տը ֆըրսթ մանտէյ ին մէյ» [Մայիսի առաջին երկուշաբթի օրը] վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեամբ:

Նկատի ունենալով տարածաշրջանին հրատապ հարցերը, այս տարի լուսարձակի տակ առնուած էին բռնագաղթի, ահաբեկչութեան, պատերազմի, մարդկանց իրաւունքներու ոտնահարման, սեռային փոքրամասնութիւններու հանդէպ կատարուած բռնութեան անդրադարձող նիւթեր:

Փառատօնը կը վայելէր հովանաւորութիւնը «Էս. Ճի. Պի. Էլ.» դրամատան, ինչպէս նաեւ աջակցութիւնը զբօսաշրջութեան ու մշակոյթի նախարարութիւններուն եւ կարգ մը մամլոյ գործընկերներու:

Փառատօնին բացման եւ փակման հանդիսութիւնները տեղի ունեցան Սիթի սէնթըրզի Վոքս սրահին մէջ: Բացման` 5 հոկտեմբերին, ցուցադրուեցաւ Թէյթ Թէյլորի «The Girl on the Train» (Տը կըրլ ան տը թրէյն) [Շոգեկառքին մէջի աղջիկը] ժապաւէնը` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժիի եւ բազմաթիւ արուեստի սիրահարներու եւ հրաւիրեալներու: Իսկ փառատօնին փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` մասնակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի, որուն ներկայութեամբ կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

ghina-abboud

Պէյրութի ժապաւէնի միջազգային փառատօնին 16-րդ տարուան լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէնի մրցանակը ստացաւ լիբանանցի Ղինա Ապպուտին ժապաւէնը` «Ռոպըրթ»-ը, որ կը խօսի Համրայի 57-ամեայ բնակիչի մը մասին, որ տակաւին կ՛ապրի Պէյրութի անցեալի յիշատակներով: Լաւագոյն կարճ ժապաւէնի մրցանակը ստացան երկու մրցանակիրներ` Իրանէն Սալըմ Սալավաթի «Pale Mirrors» (Փէյլ Միրըրզ) [Տժգոյն հայելիներ] եւ Սէուտական Արաբիայէն Մոհամետ Հոլլայըլի «Motorcycle» (Մոթըրսայքլ) ժապաւէնները:

lebanese-winners-abboud-and-chahine-with-minister-pharaon-and-jury

Փառատօնի ծիրին մէջ նախորդ մէկ շաբթուան ընթացքին ցուցադրուեցան 19 ժապաւէններ, 4 կարճ փանորամա ժապաւէններ, տեղի ունեցաւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պատրաստած 6 կարճ ժապաւէններու ցուցադրութիւն, նաեւ` 9 վաւերագրական, 20 կարճ եւ 8 այլ ժապաւէններու:

Նշենք, որ գրաքննութեան պատճառով փառատօնէն դուրս մնացած են երեք ժապաւէններ` պաղեստինցի բեմադրիչ Մահա Հաժի «The personal Affairs» (Տը փըրսընալ էֆեյրզ) [Անձնական յարաբերութիւններ], Մոհամետ եւ Ահմատ Մալլասի «World Cup» (Տը Ուըրլտ քափ) [Համաշխարհային բաժակ] ժապաւէնները եւ իրանցի Մոհսըն Մախպալֆապաֆի «The Nights of Zayandeh-Rood» (Տը Նայթս աֆ Զայանտէ-Ռուտ) [Զայանտէ Ռուտի գիշերները]: Այս գծով փառատօնի կազմակերպիչները արտայայտած էին իրենց զարմանքն ու ընդվզումը տեղի ունեցող գրաքննութեան համար ու հաստատած, որ փառատօնը արուեստի միջոցով հարթակ կու տայ ազատ խօսքն ու արտայայտութիւնը եւ նման գրաքննութիւններ պատճառ կը դառնան աղաւաղելու Լիբանանի ազատ դաշտ ունենալու դիմագիծը:

 

 

 

Նախորդը

Մշակոյթը Եւ Մայրենին Պատիւն Են Հայուն

Յաջորդը

«Այս Համերգիս Համար Ժողովուրդիս Կը Փորձեմ Հասնիլ Տարբեր Ազդակներով, Ինչպէս Հայկական Մեր Ժողովրդային Երգերը` Տեղաւորուած Ճազ Երաժշտութեան Մեղեդիներուն Մէջ» Կ՛ըսէ Րաֆֆի Մանտալեան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.