Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոյա՞նք, Թէ՞…

September 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

VATCHE-PROUDIAN1-fՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Անցնող շաբաթ օր, 17 սեպտեմբերին, Լոս Անճելըս քաղաքի «Կրենտ փարք» զբօսայգիին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի մը: Արուեստի գործ մը, որուն հեղինակներն են` Լեւոն Փարեան, Վահագն Թովմասեան եւ Արա Օշական: Օտար եւ հայ մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ այս իրադարձութեան, լուսանկարներով եւ այլն:

Մամլոյ այս անդրադարձի եւ զուտ քարոզչական տեսանկիւնէն դիտած` օգտակար նախաձեռնութիւն մըն էր, որ այս յօդուածագիրին համոզումով, ծառայեց իր նպատակին:

Սա` իբրեւ երեւոյթին մէկ երեսը, անվիճելիօրէն դրական:

Գանք միւս երեսին, որ դարձեալ կը վերաբերի զուտ անձնական համոզումի:

Անվիճելի փաստ է, որ Եղեռնի յիսնամեակը անկիւնադարձ մը ստեղծեց հայ մարդուն թէ՛ հոգեբանութեան եւ թէ՛ մտածողութեան, իմացական աշխարհին մէջ:

Այս անկիւնադարձը դրսեւորուեցաւ նաեւ հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ, եւ ասոր լաւագոյն ազդանշանը կարելի է համարել յիսնամեակին առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բազմահազարանոց ժողովրդային եւ ինքնաբուխ ցոյցը, որուն կարգախօսը մէկ էր` «Մե՛ր հողերը»:

Մեր ժողովուրդը այլեւս սկսած էր թօթափելու զոհի հոգեբանութիւնը, արթնութեան մէջ էր, վերապրումի իմաստով խոյանքի ընթացքին մէջ էր, մանաւանդ` իր իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու իմաստով:

Գործածեցինք բանալի բառը. խոյանք:

Այս խոյանքի գաղափարը նոր չէ: Ունի դարերու անցեալ ու մաս կը կազմէ մեր ժողովուրդի հոգեկերտուածքին: Խոյանքի այս գաղափարը ցայտուն կերպով դրսեւորուած է մեր եկեղեցական ճարտարապետութեան մէջ: Մտէ՛ք հայկական ճարտարապետութեամբ կառուցուած որեւէ եկեղեցի, մեծ կամ փոքր, կանգնեցէք անոր մէջտեղը, գմբէթին ճիշդ տակը եւ ձեր աչքերը բարձրացուցէք վեր: Պիտի նշմարէք այդ խոյանքը, որուն սլացքը ձեզ պիտի տանի վեր, վեր, դէպի անհունը, դէպի երկինքի ամենահեռաւոր անկիւնները, դէպի անսահմանութիւն ու դէպի անմահութիւն:

Տարբերութիւն չ՛ըներ` Աշտարակի Կարմրաւոր գողտրիկ մատուռի՞ն մէջն էք, թէ՞ Անիի մայր տաճարին: Խոյանքի նոյն մտածողութիւնը կայ, որ հայ մարդուն ներաշխարհին իսկական արտայայտիչն է:

Այս սլացքին, երկրայինէն դէպի երկնային գացող այս խոյանքի գաղափարի լաւագոյն արտայայտութիւնն է 7-րդ դարուն կառուցուած Զուարթնոց եկեղեցին: Ներսէս Շինող կաթողիկոսը թերեւս ճարտարապետ չէր բառին իսկական առումով, սակայն իր կառուցած այս եկեղեցիով ան հայ ժողովուրդի հոգեկերտուածքին «յայտարարութիւն»-ն էր, որ կ՛ընէր ի լուր ամբողջ աշխարհին` ճարտարապետական յղացքի, մտածողութեան լեզուով:

Յիսնամեակը նաեւ կը խորհրդանշէր յարութեա՛ն գաղափարը: Իսկ յարութիւնը միշտ դէպի «վեր» է, անվիճելիօրէն:

Յիսնամեակի օրերու ներշնչած յարութեան, սլացքի ու խոյանքի այս մտածողութիւնը իր արտայայտութիւնը գտաւ նաեւ մշակոյթի ու արուեստի աշխարհին մէջ: Լա՛ւ նայեցէք Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին (հեղինակներ` Արթուր Թարխանեան, Սաշուր Քալաշեան եւ Յովհաննէս Խաչատրեան), Լիբանանի մէջ` Պիքֆայայի յուշարձանին (հեղինակ` Զաւէն Խտըշեան) եւ Լոս Անճելըսի մօտակայ Մոնթեպելլոյի յուշակոթողին (հեղինակ` Հրանդ Աղպապեան): Բոլորն ալ (եւ առաջի՛ն իսկ նայուածքով) ՎԵՐ սլացող, խոյացող յուշակոթողներ, արուեստի գործեր են:

Բոլորն ալ կը խորհրդանշեն հայութեան յարութիւնը, յաղթանակը, իր իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու կամքը: Այս բոլոր յուշարձաններն ալ համահունչ են մեր ազգային հոգեկերտուածքին: Անոնք բոլորն ալ, արուեստի գործ ըլլալու կողքին, նաե՛ւ իւրայատուկ «յայտարարութիւններ» են, յար եւ նման Ներսէս Շինող կաթողիկոսի կատարած «յայտարարութեան», Կարմրաւորի` մեզի անծանօթ ճարտարապետին, Տրդատ եւ Մանուէլ ճարտարապետներուն եւ Մոմիկին, որուն կառուցած Նորավանքը եւս փայլուն արտայայտութիւնն է նոյն այս «յայտարարութեան»:

Մինչդեռ Լոս Անճելըսի «Կրենտ փարք» զբօսայգիին մէջ տեղադրուած յուշակոթողը (որ իբրեւ արուեստի գործ կրնայ գեղեցիկ ըլլալ եւ կրնայ զարդարել արուեստի որեւէ ականաւոր թանգարան կամ ցուցասրահ), տեսողական-կառուցային գաղափարի, մտածողութեան իմաստով ոչ մէկ առնչութիւն ունի հայկական դարաւոր ձգտումներուն հետ: Ոչ մէկ ձեւով կ՛արտայայտէ սլացքի ու թափի գաղափարը: Այս յուշակոթողը, ըստ հեղինակներուն բացատրութիւններուն, իր «անտաշ» եւ տաշուած երկու բաղադրամասերով կը խորհրդանշէ Եղեռնը եւ հայութեան ներկան ու գալիքը: Շա՛տ բարի. բայց այցելուն (որ պայման չէ, որ հայ, միաժամանակ գրագէտ ու արուեստաբան հայ ըլլայ…) անպայման հեղինակներո՞ւն պիտի հարցնէ, թէ ի՛նչ կը խորհրդանշեն այս տափարակ, տաշուած ու անտաշ ժայռաբեկորները: Մինչդեռ երբ Ծիծեռնակաբերդ կ՛այցելենք, կարիքը չենք զգար անոր հեղինակներուն բան մը հարցնելու: Նոյնը` Պիքֆայայի կամ Մոնթեպելլոյի պարագային: Անոնց հեղինակները իրենց «յայտարարութիւնը» կատարած են արդէն, եւ արուեստաբան ըլլալու կարիքը չկայ` զգալու այդ «յայտարարութեան» բնոյթն ու էութիւնը, որովհետեւ հայ մարդու հոգեկերտուածքին հարազատ արտայայտութիւններ են ատոնք: Մեր պատմութեան խտացումն են կարծէք` իրենց ճարտարապետական արուեստի յղացումներով եւ լուծումներով. յարգանք ու պատկառանք ներշնչող գործեր են:

«Կրենտ փարք»-ի մէջ տեղադրուած յուշակոթողը ոչ միայն զուրկ է յարգանք ու պատկառանք ազդելու արժանիքէն, ո՛չ միայն զուրկ է խոյանքէ ու սլացքէ, այլեւ իր «տափարակութեամբ» աւելի տապանաքար կը յիշեցնէ. ճիշդ հակառակը` մեր էութեան:

Խոյանքի փոխարէն… տապանաքա՞ր:

22 սեպտեմբեր 2016
Լոս Անճելըս

[email protected]

Նախորդը

Իմ Սիրուն Երեւան

Յաջորդը

«Շատ Մեծ Հաւատք Ունիմ Հայ Դպրոցին Հանդէպ Եւ Կը Հաւատամ, Որ Ամէն Հայ Մանուկ Նախ Եւ Առաջ Իր Դաստիարակութիւնը Պէտք Է Ստանայ Հայկական Վարժարանին Մէջ», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Փաուլա Եղիայեան

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.