
«Սքայ Սփորթց» կը հաղորդէ, որ Նիսի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի հրաւիրուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբ:
Նշենք, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը վերջին 2 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով կը հրաւիրուի ազգային խումբ:
2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Իտալիա յաջորդաբար պիտի մրցի Սպանիոյ (6 հոկտեմբեր) եւ Մակեդոնիոյ (9 հոկտեմբեր) դէմ:


