
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Անխել Մարիա Վիլար յետս կոչեց իր առաջադրած թեկնածութիւնը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահական ընտրութիւններուն գծով:
«Հակառակ անոր որ արժանացայ մեծ զօրակցութեան, ինչ որ, վստահ եմ, պիտի յաջողցնէ իմ թեկնածութիւնս, սակայն որոշեցի չմասնակցիլ ընտրութիւններուն եւ քաշուիլ անկէ», ըսաւ Վիլար:
Այժմ ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ (յառաջիկայ չորեքշաբթի օր) երկու թեկնածուներու` Ալեքսանտար Սեֆերինի (Սլովենիա) եւ Միքայէլ Վան Փրաակի (Հոլանտա) միջեւ` Աթէնքի մէջ (Յունաստան):


