Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճափոնցի Հայագէտ Թաքայուքի Եոշիմուրա Այցելեց «Ազդակ»

September 5, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

takayuki_90416

Շաբաթ յետմիջօրէին «Ազդակ» այցելեց Թոքիոյի օտար լեզուներու համալսարանի Ասիոյ եւ Ափրիկէի լեզուներու եւ մշակոյթներու հիմնարկի գիտաշխատող, ճափոնցի հայագէտ դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա: Եոշիմուրա հայոց լեզու ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ 2001-2003, ան ճափոնցի այն սակաւաթիւ հմուտ գիտաշխատողներէն մէկն է (եթէ չըսենք միակը), որ սահուն կերպով կը գրէ եւ կը խօսի գրական արեւելահայերէն:

«Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկումի առանցք հանդիսացաւ Ճափոնի մէջ հայագիտութեան վիճակը: Քանի մը ամիս ետք Թոքիոյի մէջ լոյս պիտի տեսնէ Թաքայուքի Եոշիմուրայի պատրաստած հայերէն-ճափոներէն գրպանի բառարանը: Նախապէս արդէն հաղորդած էինք, որ ան առաջին անգամ ըլլալով Ճափոնի մէջ գրած է արեւելահայերէնի դասագիրք, որ նախատեսուած է բոլոր այն ճափոնցիներուն համար, որոնք հետաքրքրուած են հայոց լեզուով եւ մշակոյթով: Դասագիրքը լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ տարի:

Թաքայուքի Եոշիմուրա նաեւ իր պաշտօնավարած համալսարանին մէջ կը դասաւանդէ ժամանակակից հայոց պատմութիւն: Իր գիտական աւարտաճառը պաշտպանած է Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք դէպի Հայաստան կատարուած ներգաղթի շարժումի նիւթով: Յայտնենք այստեղ, որ յառաջիկայ տարի ռուսական յեղափոխութեան 100-ամեակին առիթով Թոքիոյի մէջ պիտի հրատարակուի պատմագիտական յօդուածներու ժողովածու մը, որուն մէջ դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա յատուկ յօդուածով պիտի անդրադառնայ յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին Անդրկովկասի պարզած ընդհանուր վիճակին:

Դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա հաւանութիւն յայտնեց իրեն ներկայացուած այն առաջարկին, որ Պէյրութ կատարելիք յաջորդ այցելութեան ընթացքին յատուկ լսարանի մը ընդմէջէն լիբանանահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն եւ մտաւորականութեան ներկայացնէ հայագիտութեան պարզած վիճակը Ճափոնի մէջ:այուքի Եոշիմուրա յատուկ յօդուածով պիտի անդրադառնայ յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին Անդրկովկասի պարզած ընդհանուր վիճակին:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Արիաւան Բնակելի Թաղամասի Պաշտօնական Բացում. Քաշաթաղի Շրջանի Աղաւնոյ Գիւղը Նոր Բնակելի Թաղամաս Ունի

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.