Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ԵՐԿԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

September 27, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը արդէն իսկ երկու տարիէ ի վեր կը գործէ` յատկապէս ներգրաւելով օտար ընթերցողներ, անոնց ծանօթացնելով հայութեան վերաբերող հարցերը, տեղեկացնելով հայկական նորագոյն լուրերը, մտաւորականներուն մասին, զանոնք իրազեկ դարձնելով Հայ դատին եւ պահանջատիրութեան:

Երկու տարուան ընթացքին տարուած աշխատանքներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց կայքէջի խմբագիր դոկտ. Նորա Արիսեան:

Հ.- Ի՞նչ առաջադրանքով եւ նպատակով հաստատուեցաւ այս կայքէջը:

Ն. Ա.- «Ազդակ»ի արաբատառ կայքէջի գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն էր ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս արաբական շրջանակներուն հայկական թեմաներու իսկական պատկերը հասանելի դարձնելու, միեւնոյն ժամանակ հակազդելու համար հակահայկական լրատուական ալիքին:

Արդարեւ, «Ազդակ»ի արաբերէն բաժինը գործելու սկսաւ սեպտեմբեր 2009-ին:

«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը լրատուութիւն կը տրամադրէ նաեւ հայ արաբախօս ընթերցողին:

Ան կը հրապարակէ հիմնականօրէն «Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջի կողմէ պատրաստուած նիւթեր (յօդուածներ, տեսակէտներ եւ այլ գրութիւններ), արաբական մամուլի հրապարակումները` հայկական թեմաներու շուրջ, ինչպէս նաեւ` «Ազդակ» հայերէնէն թարգմանաբար կարգ մը նիւթեր, որոնք կը հետաքրքրեն արաբ ընթերցողը:

Հ.- Խօսինք կայքէջի բաժիններուն մասին:

Ն. Ա.- «Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ բաժինները:

«Խմբագրական», որ կ՛անդրադառնայ օրուան գլխաւոր իրադարձութեան, եւ կու տայ մեր տեսակէտը: Նաեւ կ՛ընդգրկէ «Ազդակ»ի հայերէնով հրատարակուած կարգ մը խմբագրականներուն եւ ակնարկներուն արաբերէն թարգմանութիւնը:

«Լուրեր»ու բաժինին մէջ կը տեղադրուին Հայաստանի եւ Արցախի լուրեր, քաղաքական, մշակութային եւ այլազան ոլորտներէ, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի հայ գաղութներու լուրերը:

«Յօդուածներ». արաբ թէ հայ գրիչներու պատկանող յօդուածներ, որոնք առնչութիւն ունին հայկական թեմաներու, Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ` քաղաքական այլ վերլուծումներ: Իսկ վերջերս կը տեղադրուին յօդուածներ, որոնց մէջ կ՛արտացոլայ Թուրքիոյ դիրքորոշումը Միջին Արեւելքի մէջ կատարուող զարգացումներուն նկատմամբ:

«Կիզակէտ»  բաժինը կ՛ընդգրկէ օրուան «տաք» թեմաներու մասին գրութիւններ, մանաւանդ` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ կապուած խնդիրները:

«Արաբ բարեկամները կը գրեն» բաժինին մէջ կը տեղադրուին արաբական մամուլէ քաղուած կամ յատուկ «Ազդակ»ին համար գրուած արաբ մտաւորականներու յօդուածներ, որոնք կ՛անդրադառնան հայկական թեմաներու եւ կը պարզեն այդ մտաւորականներուն տեսակէտները:

«Հայկական դաշտ». հոս կը տեղադրուին գրութիւններ,  որոնք կը վերաբերին Հայ դատի կամ ընդհանուր հայկական աշխարհին (տարեդարձներ կամ այլ ձեռնարկներ):

«Հայ դէմքեր» բաժինը գրական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու յայտնի հայ անձնաւորութիւններու մասին է:

«Թարգմանութիւններ» բաժինը կ՛ընդգրկէ հայկական գրական հատուածներ, բանաստեղծութիւններ կամ պատմական փաստաթուղթեր:

«Թիւի հիւրը». կը ներառէ մեր կատարած հարցազրոյցները հայկական թեմաներ շօշափող արաբ կամ հայ անձնաւորութիւններու հետ, օրինակ` եգիպտացի պատմաբան Մոհամետ Ռիֆաաթ, իրաքցի բեմադրիչ Համետ Մալիքի, գեղանկարիչ Ալեքսանտրա Աւագեան, պատմաբան Իպրահիմ Խալայլի, թարգմանիչ Նիզար Խալիլի եւ այլն:

Հ.- Ձեր գործունէութեան ընթացքին ի՞նչ տեսակի արտաքին աշխատանքներ կը տանիք:

Ն. Ա.- «Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջին նիւթերը կամ գրութիւնները տեղ գտած են արաբական շարք մը կայքէջերու վրայ` որոշ թեմաներու առնչութեամբ պարզելով մեր տեսակէտը, օրինակ` Սումկայիթի եւ Խոջալուի մասին մեր յօդուածը:

Լրատուական հակահայ քաղաքականութեան հանդէպ «Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը անմասն չմնաց. ան հակազդող յօդուածներ եւ բողոքի նամակներ յղած է արաբական օրաթերթերուն եւ կայքերուն, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ վերոնշեալ թերթերուն խմբագիրները ներողամտութեան դրական պատասխանով արձագանգեն:

«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը կը հրապարակէ նաեւ կարեւոր փաստաթուղթեր, օրինակ` հայ-թրքական փրոթոգոլները, Սեւրի դաշնագիրը, զանազան առիթներու Հայաստանի նախագահին յայտարարութիւնները, զանազան առիթներով յայտնի անձնաւորութիւններու պատգամները, Հայոց ցեղասպանութեան փաստաթուղթեր եւ այլն, «Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը դարձնելով միակ աղբիւրը նման նիւթերու եւ փաստաթուղթերու:

Հ.- Արդեօք որքա՞ն տարածում գտած է կայքէջը այս երկու տարուան ընթացքին:

Ն. Ա.- Սկիզբի շրջանին «Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը իր նիւթերը կ՛ուղարկէր հսկայ ցանցի ելեկտրոնային հասցէներուն, ուր ընդգրկուած էին արաբ լրագրողներ, մտաւորականներ, գրողներ եւ այլն:

Սակայն հրապարակումէն մէկ տարի անց «Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը անցաւ Ֆէյսպուքի միջոցին ու սկսաւ իր նիւթերը հրապարակել իր Ֆէյսպուքի էջին վրայ` աւելի մեծ տարածում ապահովելով:

Յիշենք, որ «Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջի 2009-2010 տարուան ընթացքին լոյս կը տեսնէր ամսական դրութեամբ, իսկ յունուար 2011-էն սկսեալ «Ազդակ Արաբերէն»ի կայքը սկսաւ շաբաթական դրութեամբ լոյս տեսնել, հերթականօրէն թարմացնել իր նիւթերը, որոնք կը հաշուեն 14-17 նիւթ:

 

Նախորդը

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԵՐԵԿՈՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԻ ԱՆԴԱՄ ԱՐՍԷՆ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ

RelatedPosts

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն.  Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ

November 27, 2026
ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները

November 27, 2026
Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)
Անդրադարձ

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։