
Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Մըհաննա» ճաշարանին մէջ (Անթիլիաս), Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց Լիբանանի տղոց կրտսերներու (18 տարեկանէն վար) ազգային խումբը, որ Թեհրանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Ասիոյ կրտսերներու ախոյեանութեան գրաւեց չորրորդ դիրքը:
Այս երեկոյին ներկայ էին նաեւ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, այլ անդամներ, ինչպէս նաեւ կրտսերներու ազգային խումբին մարզիկները:
Նախարար Հըննաուի շնորհաւորեց անոնց ձեռք ձգած այս բացառիկ արդիւնքը եւ անոնց մաղթեց յաջողութիւն` յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու ընթացքին:
Աւարտին խումբի խմբապետ Քարլ Ասսի Լիբանանի ազգային խումբին թիւ 1 շապիկը յանձնեց նախարար Հըննաուիի` առ ի երախտագիտութիւն անոր ցուցաբերած գնահատանքին եւ քաջալերանքին:


